ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Պաղեստինեան իշխանութեան կառավարութեան տիրացած «Համաս» Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 10ին յայտարարեց, թէ անընդունելի գտած է «Ֆաթհ»ի հետ համագործակցութեամբ միացեալ կառավարութիւն մը կազմելու նպատակով Քաթարի պատուիրակին ներկայացուցած նորագոյն առաջարկը, որովհետեւ հոն կը պահանջուի «Համաս»էն ճանաչում շնորհել Իսրայէլի:
Կուսակցութիւնը նաեւ յայտարարեց, թէ ամերիկեան միջամտութեան հետեւանքով ցարդ կարելի չէ եղած ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը կազմել:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի խորհրդական Եասէր ապըտ Ռապպու «Համաս»ի կոչ ուղղած էր համախոհական կառավարութեան կազմութեան շուրջ բանակցութիւններու նոր առաջարկները ընդունելու եւ կամ կանխահաս ընտրութիւններ դիմագրաւելու:
Ապըտ Ռապպու ըսած էր, թէ Ապպաս եւս այդ պատգամը ուղղած է «Համաս»ի՝ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ճասիմ պըն Ճապր Թանիի միջոցով:
«Համաս»ի ղեկավարներէն Իսմայիլ Ռըտուան վերահաստատեց շարժումին կեցուածքը Իսրայէլի նկատմամբ եւ ըսաւ, թէ «Համաս» չընդունիր «երկու պետութիւն» լուծումը:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը Երկուշաբթի օր սպաննեց երկու պաղեստինցիներ: Առաջինը, քաղաքային մը, սպաննուեցաւ Կազայի վրայ իսրայէլեան ռմբակոծումի ընթացքին, իսկ երկրորդը՝ Արեւմտեան Ափի անցարգելներէն մէկուն մօտ:
Իսրայէլեան ուժեր Կիրակի օր եւս Նապլուսի մօտ սպաննած էին երկու պաղեստինցիներ։