3 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Գանատայի Քեպեք նահանգի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են երեք հայ թեկնածուներ՝ Միշէլ Սեթլաքուի, Սելին Հայթայեան եւ Սոնա Լախոյեան։
Սոնա Լախոյեան աւարտած է Քոնքորտիա համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու ճիւղը եւ նոյն համալսարանէն տիրացած է public administration-ի մագիստրոսի վկայականին։ Յաջորդական 7 տարիներ եղած է Լավալ քաղաքի կրթական յանձնաժողովի անդամ։ Գործօն մասնակցութիւն ունի հայ համայնքին մէջ՝ իր ծառայութիւնները մատուցելով ՀՄԸՄին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին։ Ան Loto Quebec-ի պաշտօնեայ է։ Ան Իր թեկնածութիւնը առաջադած է՝ իբրեւ Chomedey ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։
Սելին Հայթայեան տնտեսութեան զարգացման մասնագէտ է եւ Harvard Business Review-ի խորհրդատու եւ Ubisoft ընկերութեան միջազգային յարաբերութիւններու տնօրէնն է։ 7 տարիներ պաշտօնավարած է Մոնթրէալի քաղաքապետութեան մէջ։ McGill համալսարանին մէւ ան ուսանած է իրաւագիտութիւն։ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի րջանաւարտ է։ Ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է՝ իբրեւ Laval-des-Rapides ընտրատարածքի Coalition Avenir Québec իշխող կուսակցութեան թեկնածու։
Իրաւաբան Միշէլ Սեթլաքուի հինգ տարիներ եղած է Mont Royal-ի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 2021ին առաջադրած է իր թեկնածութիւնը՝ իբրեւ Mont Royal-ի քաղաքապետ, սակայն չէ յաջողած։ Իբրեւ իրաւաբան՝ ան իր մասնագիտական վկայականը ստացած է Մոնթրէալի համալսարանէն։ Միշէլ Սէթլաքուիի հօրեղբայրը ծերակուտական Ռէյմոն Սեթլաքուին է (1928-2021), որ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Գանատայի ծերակոյտին եւ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծերու վաւերացման աշխատանքներուն մէջ։ Սեթլաքու իր թեկնածութիւնը առաջադրած է՝ իբրեւ Mont-Royal-Outremont ընտրատարածքի Ազատական կուսակցութեան թեկնածու։