
Իրանցի բանաստեղծ Ապպաս Էղպալ Մեհրանի «Ողջոյն Հայաստանին» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, գրուած՝ երկու տարուան ընթացքին, կը ներառէ 20 բանաստեղծութիւններ, որոնք կ՛արտացոլեն հայերու հերոսական ոգին եւ գիտական, մշակութային ու արուեստի բնագաւառին մէջ անոնց առաջատար դիրքը:
«Բանաստեղծութիւնները գրելու գաղափարը ծագեցաւ Սպահանի Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքը կատարած իմ այցելութենէն եւ հայոց պատմութիւնը եւ այս սիրելի ու հարուստ մշակոյթին տէր ժողովուրդին մեծ ողբերգութիւնները ուսումնասիրելէ ետք, որոնք իմ սիրտը համակած են ցաւով եւ վիշտով», գրած է հեղինակը հատորի նախաբանին մէջ՝ աւելցնելով. «Եթէ այսօր Սպահանը յայտնի է իբրեւ աշխարհի կէսը, վստահաբար հայերու ազդեցութիւնը պատմական եւ գեղեցիկ այս քաղաքի շքեղութեան մէջ շատ գունեղ է։ Ջուղան հայերու եւ իրանցիներու բարեկամութեան եւ խաղաղ կեանքի, ինչպէս նաեւ այս երկու ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան խորհրդանիշն է։ Իրանի աշխարհագրական տարածքին բազմաթիւ եկեղեցիներու գոյյութիւնը նոյնպէս երկու ժողովուրդներու ազատութեան եւ խոր բարեկամութեան ապացոյցն է»։
Բանաստեղծը երախտագիտութիւն յայտնած է Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. Արսէն Աւագեանին՝ իր հովանավորութեան համար. ան գիրքը նուիրած է Հայաստանի ժողովուրդին: