ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ա1+».- Արդարադատութեան նախարարութեան քրէական հետախուզութեան աշխատակիցներու հետախուզական աշխատանքներուն շնորհիւ, Նոյեմբեր 1ի երեկոյեան յայտնաբերուած եւ կրկին ձերբակալուած է Հոկտեմբեր 26ին Կոշի բանտէն փախուստ կատարած Լիպարիտ Էտուարտի Յովհաննիսեանը:
Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Լ. Յովհաննիսեան դատապարտուած էր կողոպուտի եւ սպանութեան յանցանքներով:
Ձերբակալութիւնը կատարուած է արդարադատութեան նախարարութեան եւ Արաբկիրի ոստիկանութեան գործակցութեամբ: Փախուստի փաստի առնչութեամբ կը կատարուի քննութիւն:
Նշենք, որ Նոյեմբեր 1ին Նուբարաշէնի բանտին մէջ ցմահ բանտարկուած 24 դատապարտեալներ հացադուլ սկսած էին՝ պահանջելով հանդիպում արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին հետ եւ, ըստ արդարադատութեան նախարարութեան նոյն օրը հրապարակած հաղորդագրութեան, «Նոյեմբերի 1ին, ժամը 19ի դրութեամբ Նուբարաշէնի քրէակատարողական հիմնարկի («Ա.».- Բանտ) թիւով 24 դատապարտեալներ, որ նոյն օրը մի քանի ժամ առաջ հացադուլ էին յայտարարել՝ օրէնքով նախատեսուած կարգով, իրենց դիմումի համաձայն դադարեցրեցին հացադուլը»։