«Կան Սուրիոյ Թարթուս շրջանին վրայ իսրայէլեան ռմբակոծման վերաբերեալ տեղեկութիւններ»,Կիրակի, 14 Օգոստոսի գիշերը հաղորդեց Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը:
Իսկ իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին հետեւեալը. «Իսրայէլեան ռմբաձիգներ լիբանանեան օդային տարածքէն յարձակումներու շարք մը գործեցեցին Թարթուսի նաւահանգիստին վրայ»: «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը Թարթուսի վերեւը թշնամական թիրախներու դէմ կը դնեն: