
Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներու Սուրիայէն դէպի Ատրպէյճան տեղափոխուիլը եւ անոնց Իրանի սահմաններուն մօտ ներկայութիւնը անընդունելի է: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարելով՝ յայտարարած է իրանցի դիւանագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի նախկին դեսպան Քազեմ Սաժատի` այդ գրառումին կից հրապարակելով այդ մասին տեսանիւթ մը:
«Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն ետք, Թուրքիա հիմա ալ չարամիտ գործողութիւններ կը ծրագրէ Իրանի սահմաններուն մօտ: Թուրքիա պէտք է իմանայ, որ ասիկա կրակի հետ խաղալ է», գրած է Սաժատի: