
ԵՐԵՒԱՆ, «Լուրեր».- Վերջերս, հայ-իրանեան պետական սահմանին վրայ ստեղծուած է լարուած իրավիճակ մը, յատկապէս Իրանէն Հայաստան թմրամիջոցներու ապօրինի տեղափոխութեան փորձերու աճին պատճառով, կը հաղորդէ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ Ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան (ԱԴԾ) սահմանապահ վարչութիւնը՝ բացատրելով շրջանին մէջ հսկողութեան խստացումը։
Կը նշուի նաեւ, որ արձանագրուած են ծայրայեղական եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէն Հայաստանի պետական սահմանի խախտումի դէպքեր։ 2021ին, Մեղրիի սահմանապահ ջոկատի հատուածին մէջ ռուս սահմանապահները ձերբակալեցին երկու զինեալներ՝ զէնքով, նռնականետներով եւ մեծ քանակութեամբ զինամթերքով. անոնք ապօրինի կերպով մուտք գործած էին Իրանէն։
«Սահմանային գօտիին մէջ տեղաշարժ կատարող քաղաքացիներէն կը խնդրենք ըմբռնումով մօտենալ իրաւապահ մարմիններու օրինական պահանջներուն նկատմամբ», կը յայտնէ վերոյիշեալ վարչութիւնը։
Սահմանապահ վարչութիւնը Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի պետական սահմանի պաշտպանութիւնը կ՛իրականացնէ «Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ սահմանապահ զօրքերու կարգավիճակին եւ անոնց գործունէութեան պայմաններուն մասին» միջպետական պայմանագիրի հիման վրայ, որ ստորագրուած է երկու երկիրներուն միջեւ, 1992ին: