ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ժողովի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար:
Ժողովին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ծրագիր մը, այն չափանիշները, որոնք պէտք է որդեգրուին այդ իմաստով, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն տունդարձը կազմակերպելու յատուկ դասաւորումները, որոնք պէտք է կատարուին:
Ժողովէն ետք Հաժժար յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկումները` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով, պիտի շարունակուին յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին: