Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 21ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգ. վարչութեան դիւանի անդամներ պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Հայաստանի հիւպատոսարան՝ հանդիպելու եւ շնորհաւորելու նոր գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանը։
Հայրենի հիւպատոսը երկու շաբաթ առաջ այցելած էր Ազգային առաջնորդարան եւ ընդունուած՝ առաջնորդ սրբազանին եւ թեմի ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Հանդիպումին, առաջնորդ սրբազանին կ՚ընկերանային Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Յակոբեան եւ ատենադպիր Պօղոս Սասունեան։ Խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց դիւանագիտութեան ներկայացուցչութեան աշխատանքներու մարզն ու Ազգ. առաջնորդարանին հետ գործակցութեան ծրագիրները։
Հանդիպումին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը գլխաւոր հիւպատոսը հրաւիրեց Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան ձեռնարկին։