

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն եւ Ճեքի Սփիր դատապարտեցին Արցախի վրայ ատրպէյճանական նորագոյն յարձակումը, միաժամանակ կոչ ընելով նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ կասեցնելու համար ատրպէյճանական բռնարարքները։
Հայ Դատը նաեւ կը շարունակէ իր ջանքերը, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը կասեցնելու համար եւ կոչ կ՛ընէ հայութեան, որ այս նպատակով դիմեն Սպիտակ տան՝ (202) 456-1111 թիւով եւ եւ Քոնկրեսին մէջ իրենց ներկայացուցիչներուն՝ կայքէջին միջոցաւ։