ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանի նախագահութեամբ, 28 Յուլիսին գումարուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան պետական խորհուրդի երկրորդ նիստը: Այս մասին տեղեկացուցին Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Բեգլարեան բարձր գնահատեց խորհուրդի կազմութենէն ետք կարճ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին իրականացուած փաստահաւաք աշխատանքը եւ խորհուրդի անդամներուն հետ քննարկեց յետագայ աշխատանքներու ուղղուածութեան ու ծաւալներուն վերաբերող հարցեր:
Խորհուրդի ծրագիրներու կատարման ընթացքին մասին զեկոյցով հանդէս եկաւ խորհուրդի քարտուղար Սերգէյ Շահվերդեան:
Հաստատուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ մնացած թանգարաններու եւ ցուցասրահներու հաւաքածոներու ցանկը:
Քննարկուեցան հետազօտական եւ տեղեկատուական նազան միջոցառումներու իրականացման ընթացքին վեաբերող հարցեր` յստակեացնելով խորհուրդի եւ լիազօր մարմիններու կատարելիքները։