ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Չինացի զինուորական հրամանատար, փիլիսոփայ եւ «Պատերազմի Արուեստը» գործին հեղինակ Սուն Ձու կ՛ըսէ, թէ եթէ լաւապէս կը ճանչնաս դուն քեզ եւ լաւապէս կը ճանչնաս քու թշնամիդ, երբեք չես պարտուիր, իսկ եթէ լաւապէս կը ճանչնաս դուն քեզ եւ լաւ չես ճանչնար քու թշնամիդ, քու յաղթելու եւ յաղթուելու հաւանականութիւնները հաւասար են, բայց եթէ լաւապէս չես ճանչնար թէ՛ քու թշնամիդ եւ թէ դուն քեզ, ապա վստահաբար պիտի պարտուիս։
Ահա այս իրականութենէն մեկնած է, որ ուժեղ պետութիւնները մանրակրկիտ կերպով կը հետախուզեն իրենց հակառակորդ երկիրներու զինուորական կարողութիւնները, տնտեսական հզօրութիւնը եւ մնացեալ բոլոր ոլորտները, ինչպէս Իսրայէլը եւ եւրոպական յառաջադէմ երկիրները, իսկ գերպետութիւններու պարագային, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու, անոնք գիտեն ոչ միայն իրենց հակառակորդներուն, այլ մոլորակի բոլոր պետութիւններուն եւ նոյնիսկ պետականութիւն չունեցող մեծ ու փոքր ազգութիւններուն եւ ցեղախումբերուն մասին ամէն ինչ որ հնարաւոր է, եւ այդ նպատակին համար ստեղծած են հսկայական հիմնարկներ եւ հաստատութիւններ ու հաւաքագրած հազարաւոր պաշտօնեաներ եւ գործիչներ։
Մենք այդքան մեծ ներուժ չունինք ի հարկէ, սակայն պարտաւոր ենք գոնէ մեզ շրջապատող երկիրներու մասին ամէն ինչ գիտնալ, ի մասնաւորի մեր արեւելեան եւ արեւմտեան հարեւաններուն, առանց մոռնալու նաեւ առարկայականօրէն ուսումնասիրելու եւ ճանչնալու մեր իրական ներուժն ու կարողականութիւնները։ Այս նպատակին համար, վստահաբար ունինք մտաւորականներ, օրինակ թրքագէտներ եւ նոյնիսկ թրքագիտական ամպիոն, որոնք պէտք է պետութեան ուշադրութեան առարկան ըլլան եւ առաւելագոյնս սատարուին։ Կարիքը կայ նաեւ think tank-ներու՝ հետազօտութեանց եւ ուսումնասիրութեանց համար։ Առայժմ այդ տեսակի կեդրոններէն հիմնականներն են՝ EPF-ը, Genesis Armenia-ն, AMBERT-ը, CAUCASUS INSTITUTE-ը եւայլն։ Հայ-թրքական ներկայ քաղաքական զարգացումները եւ հաւանական մարտահրաւէրները նկատի ունենալով, պետութիւնը պարտի առաւելագոյն լրջութեամբ մօտենալ անոնց, աւելիով սատարելով եւ քաջալերելով։ Համացանցին մէջ փոքր փնտռտուք մը ի յայտ կը բերէ հասկնալիօրէն շատ աւելի եւ կազմակերպուած թրքական հետազօտական կեդրոններ։
Սկսելու համար, ամենակարեւորը ներկայիս Թուրքիոյ եւ անոր քաղաքականութեան մասին իմանալն է, որովհետեւ գիտենք, որ անիկա մեկնարկը տուած է ու բացէ ի բաց կը յայտարարէ, որ հետաքրքրուած է իր արեւելեան եւ միջին ասիական թրքացեղ ազգակիցներով։
Այս քաղաքականութեան ազդանշանը տրուեցաւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Տաւութօղլուի կողմէ իր ծանօթ «դրացիներու հետ զերօ վէճեր» քաղաքականութեամբ։ Օրին այդ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էր հարեւան իսլամ պետութիւններու բազմութիւններուն մէջ եւ այս լոզունգին զուգահեռ գործի դրուած էր փափուկ ուժի զէնքը` իսկապէս բարձր գեղարուեստական որակի տեսանիւթեր, որոնք ողողեցին Միջին Արեւելքի արաբականէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէի միջերկրականեան երկիրները։ Ժամանակ մը ետք այդ արշաւը տարածուեցաւ նաեւ արեւելեան Եւրոպայի թրքական համայնքներ ունեցող երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ալպանիա, Պուլկարիա եւ Ռումանիա։ Յաջորդ հանգրուանին առատաձեռն բարեգործական նախաձեռնութիւններ սկսան իրագործուիլ բոլոր այդ երկիրներուն մէջ եւ աւելի հեռու մինչեւ Կեդրոնական Ափրիկէ երկիրներ՝ ինչպէս Ճիպութի եւ Սոմալիա, ուր իսլամական մշակոյթի հաստատութիւններ եւ մզկիթներ շինուեցան: Ապա դիւանագիտական խելամիտ բեմադրութեամբ մը, Իսրայէլի հետ բարեկամական յարաբերութիւններուն վերջ տրուեցաւ, սիրաշահելու համար իսլամ բազմութիւններու համակրանքը։
Այս քաղաքականութիւնը սակայն երկար չտեւեց, եւ «Արաբական Գարուն»ի պայթումով այս բարեկամական ջերմ մթնոլորտը հետզհետէ սառեցաւ, մէկ կողմէ իսլամական աշխարհի միւս ախոյեան՝ Սէուտական Արաբիոյ խանդին եւ միւս կողմէ արաբական հարեւան երկրի` Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմին Թուրքիոյ դերակատարութեան եւ մերթ բացայայտ մերթ գաղտագողի հրահրման պատճառով։
Սա թրքական քաղաքականութեան մէկ երեսն է միայն, իսկ զայն համապարփակ կերպով ուսումնասիրելու համար հարկ է զննել ու դիտարկել մնացեալ մարտավարութիւնները, օրինակ.
Ա․ Ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ուղղուածութիւնները։ Իրենց առջեւ դրուած մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները։
Բ․Արտաքին քաղաքականութիւն․
1․ Թուրքիոյ յարաբերութիւններ արաբական երկիրներու հետ։
2․ Թուրք-իրանեան յարաբերութիւններ։
3․ Թուրքիա-Կեդրոնական Ասիա յարաբերութիւններ։
4․ Թուրքիոյ կովկասեան քաղաքականութիւնը։
5․ Թուրք-ռուսական յարաբերութիւններ։
6․ Թուրքիա եւ Արեւմուտք։
7․ Թուրքիա եւ Յունաստան։
Այս բոլորը անշուշտ ունին իրենց ենթաբաժանումները, որոնք մանրամասնօրէն պէտք է ուսումնասիրուին: Այլ խօսքով, Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը՝ արաբական, կովկասեան եւ միջին ասիական իւրաքանչիւր պետութեան հետ պէտք է զննել։ Արեւմուտքի պարագային, պէտք է իրազեկ ըլլալ մասնաւորաբար Ամերիկայի հետ Թուրքիոյ քաղաքական յարաբերութիւններուն, իսկ Պալքաններու մէջ յարաճուն կերպով թրքական ազդեցութեան աճը եւ միտումները, հեռուէն կամ մօտէն ազդեցութիւն ունին թէ՛ հայութեան ընդհանրապէս եւ թէ Հայաստանի վրայ։
Օրինակ, Սուրիոյ մէջ թրքական քաղաքականութեան եւ բացայայտ միջամտութեան հետեւանքով սուրիահայ բարգաւաճ գաղութը նօսրացաւ, տկարացաւ եւ ցրուեցաւ աշխարհով մէկ․ փոքր մաս մը միայն տեղափոխուեցաւ Հայաստան, իսկ մնացեալը՝ արեւմտեան երկիրներ, ուր հայապահպանումը յամենայն դէպս աւելի դժուար է քան Միջին Արեւելքի մէջ։
Կարեւորագոյն ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնայ մանաւանդ Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերական եւ արհեստագիտական ոլորտը․ այդ ոլորտին մեր անտեղեակութեան հետեւանքը եղաւ 44օրեայ պատերազմի մեր ծանր պարտութիւնը:
Մեր հակառակորդներուն մասին լաւատեղեակ ըլլալու զուգահեռ պէտք է նաեւ ճանչնանք մենք մեզ, բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ առարկայական գնահատականով, ապա ձեռնարկենք իւրաքանչիւրին բարելաւման աշխատանքին։
Պարզ է, որ մեր հակառակորդները մեր նկատմամբ ունին բազմապատիկ ժողովրդագրական, ներուժային եւ աշխարհաքաղաքական առաւելութիւններ, սակայն ներկայ դարուն, անոնց կարեւորութիւնը գիտնալով հանդերձ, պէտք չէ թերագնահատել որակի հարցը, որովհետեւ արդէն իբր մարդկութիւն հասած ենք հոն, ուր պատերազմները առաւելաբար կը մղուին ռազմական այնպիսի միջոցներով, ուր դասական իմաստով զինուորը նախկինի համեմատ քիչ դերակատարութիւն ունի, եւ իր տեղը զիջած է արհեստագիտութեան։ Անօդաչու մը ղեկավարողը իր անյայտ թաքստոցէն կրնայ տեսադաշտին մէջ ունենալ հակառակորդի ամբողջ գումարտակ մը եւ զայն հարուածել։ Այստեղ արդէն ակնյայտ է բանակներու մարդկային թիւի երկրորդական դերակատարութիւնը եւ արհեստագիտական որակի եւ մակարդակի առաւելութիւնը զորս տեսած ենք Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներու միջեւ անցեալի բոլոր պատերազմներու ընթացքին։
Արդ, մեր տարածաշրջանի ներկայ եւ ապագայ լուրջ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, մեր կողմէ հրամայական է առաւելագոյն ուժերու լարումով եւ հետեւողական աշխատանքով հասնիլ մեր հարեւանները լաւագոյնս ճանչնալու մակարդակին եւ միեւնոյն ժամանակ, համարժէք զարգանալ եւ հզօրանալ։ Մեր կողմէ թերացում, անլուրջ մօտեցում եւ անտարբերութիւն, պիտի յանգեցնէ մեր պետութեան անխուսափելի կործանումին: