«Ռիտըրզ Տայճէսթ» լայն տարածում ունեցող ամսաթերթին քանատական օրինակին Հոկտեմբերի թիւին մէջ Լին Աբրահամեան ստորագրած է «Ուղեւորութիւնս՝ ատելութենէն դէպի յոյս» խորագիրով յօդուած մը, ուր կը ներառէ կարգ մը թուրքերու եւ անուանի հայերու կարծիքները Ցեղասպանութեան մասին։ Ստորեւ թարգմանաբար տրուած այդ յօդուածը կը բացատրէ Աբրահամեան, 1915ի Ցեղասպանութեան պատճառով թուրքերու հանդէպ իր զգացած ատելութեան հետ հաշտուելու փորձ մըն է։
2005ին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ օսմանեան թուրքերուն կողմէ 1915ի հայկական ջարդերուն վերաբերեալ առաջին խորհրդաժողովը։ Սակայն, մինչ այդ մասին ձայն կը բարձրացուէր, ոմանք կը փորձէին լռեցնել զայն։ «Այս խորհրդաժողովը անգամ մը յետաձգուեցաւ, որովհետեւ սպառնալիքներ ուղղուեցան մեզի դէմ. սակայն, երբ վերջապէս կայացաւ, մարդիկ մեզ դաւաճանութեամբ ամբաստանեցին եւ հաւկիթներ նետեցին մեր վրայ», դիտել տուաւ վիպագիր Էլիֆ Շաֆաքը եւ աւելցուց, թէ «այն իրականութիւնը, որ անիկա տեղի ունեցաւ, ցուցանիշ է այդ հարցին նկատմամբ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւններուն։ Առաւել, որքան մեծ ըլլայ փոփոխութիւնը, այնքան մեծ կ՚ըլլայ ներկայի իրադրութիւնը պահպանել ուզողներուն խուճապը։ Այդ պատճառով է, որ թրքական ատեանները մեզ դատարան կը հրաւիրեն մէկ առ մէկ»։
Շարունակելով՝ Շաֆաք բացատրեց հետեւեալը. «Թուրքերը ընդհանրապէս չորս ձեւի մօտեցումներ ունին Ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ։ Ամէնէն ընդհանրացածը տգիտութիւնն ու հասարակաց մոռացութիւնն է։ Երկրորդը՝ դիտմամբ մերժումն ու ուրացումը, որ փոքրաթիւ խումբի մը կեցուածքն է, սակայն բարձր կը լսուի, որովհետեւ երեւելիներէ եւ ազդեցիկ անձնաւորութիւններէ կը բաղկանայ խումբը։ Երրորդը թուրք երիտասարդներուն կեցուածքն է, որոնք վեր ի վայրոյ կ՚ըսեն հետեւեալը, թէ՝ ինչ որ պատահած է անցեալին կը պատկանի, եւ ինչո՞ւ մենք պատասխանատու պիտի սեպուինք մեր մեծ հայրերուն արարքներուն համար, որոնց իրականութիւն ըլլալը թէական է։ Չորրորդը կը պատկանի մտաւորականներուն եւ ազատամիտներուն, ինչպէս՝ ես, այն համոզումով, որ մենք պէտք է դիմակայենք մեր անցեալը, տրուած ըլլալով, որ անցեալը կը դրսեւորուի ներկային մէջ։ Միայն այն ատեն է, որ մեր ընկերութիւնը ժողովրդավարական կ՚ըլլայ։ Եթէ մենք այդ ջարդերուն պատասխանատուները պատասխանատուութեան հրաւիրած ըլլայինք անցեալին, աւելի դժուար պիտի ըլլար այսօրուան իշխանութիւններուն կողմէ ուրիշ փոքրամասնութիւններ եւ քննադատող ձայներ ճնշելն ու լռեցնելը»։
Ներկայիս շուրջ վաթսուն գրողներու եւ հրատարակողներու դէմ քրէական գործ յարուցուած է թրքական ատեաններու մէջ։ Վերջերս այդ խումբին միացաւ Շաֆաք, որուն վերջին հատորին տիպարները կը խօսին հայկական ջարդերուն մասին։ Ինչո՞ւ Թուրքիա դժուարութիւն ունի ճանչնալու Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ «Անոնք համոզուած են, որ պէտք չէ վարկաբեկել թուրք ազգը՝ զայն նացիներուն նմանցնելով», կը բացատրէ Մինըսոթայի համալսարանի պատմութեան դասախօս Թանէր Աքչամ։ «Կայ նաեւ հետեւանքներու վախը, ինչ կը վերաբերի հողային եւ դրամական հատուցման։ Բայց ես կը կարծեմ, անոնց գլխաւոր վախը հոգեբանական է։ Հայերը մնայուն յիշեցում են թուրքերուն իրենց պատմութեան ամէնէն աղէտալի դէպքին՝ իրենց կայսրութեան փլուզման։ Թուրքերը իրենք զիրենք կը համարեն փիւնիկը, յարութիւն առած հայերուն մոխիրներէն։ Թրքական պետութեան կարգ մը հիմնադիրները անդամ էին Ցեղասպանութիւնը կազմակերպած կուսակցութեան, եւ թուրքերը կը պատուեն զանոնք իբրեւ հերոսներ։ Եթէ մարդասպաններ եւ գողեր կոչես զանոնք, հարցականի տակ առած կ՚ըլլաս իրենց պետականութիւնն ու ինքնութիւնը։
«Բայց թրքական ընկերութիւնը կ՚ուզէ գիտնալ, թէ ճիշդ ի՛նչ տեղի ունեցաւ 1915ին եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ան ձայն կը բարձրացնէ ասպարէզ կարդալով պետական պաշտօնական կեցուածքին», դիտել տուաւ Աքչամ։
Այդ զարթնումը կրնայ արդիւնքը ըլլալ Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութեան մասին գիրքերու մեծաթիւ հրատարակութեան, որուն մեծ մասին պատասխանատուն է Ռաճիփ Զարաքօղլուն, որ ներկայիս դատավարութեան կ՚ենթարկուի Ցեղասպանութեան մասին երկու գիրքերու հրատարակութեան համար։ «Ես Ցեղասպանութեան մասին տեղեկացայ մօրմէս: 1915ին թուրք զինուորներ հաւաքած են իր հայ դրացիները եւ մինչ հայերը կու լային ճամբաներուն մէջ, մայրս եւ իր ընտանիքը կու լային իրենց տան մէջ։ Մօրս մեծ մայրը երկու հայ աղջիկներ փրկած է տեղահանումէն, սակայն հետագային զինուորները գտած եւ իրենց հետ տարած են զանոնք։ Այս դէպքերը մեծապէս տպաւորած են զիս», կը պատմէ ան։
1977ին Զարաքօղլու եւ իր ողբացեալ կինը՝ Այշէ Նուր, Պոլսոյ մէջ հիմնած են «Պելճ» միջազգային հրատարակչատունը եւ ցարդ տասը գիրք հրատարակած են հայերուն մասին։ «Առաջինը Իվ Թերնոնի «Ցեղասպանութեան մը պատմութիւն»ն է (1993)։ Անիկա արգիլուեցաւ եւ գրաւուեցաւ, իսկ մենք ամբաստանուեցանք ահաբեկչական քարոզչութիւն կատարելու յանցանքով։ Կինս դատապարտուեցաւ երկու տարուան բանտարկութեան։ 1994ին մեր գրասենեակը ռմբահարուեցաւ։ Հիմա ես դատի մէջ եմ։ Պետութիւնը կը վախնայ, որ այս գիրքերը ծայր պիտի տան քննարկումներու Թուրքիոյ մէջ, բայց այդ մէկը արդէն սկսած է։ Այս գիրքերը նպաստած են մտաւորականներու կարծիքներու փոփոխութեան, եւ արդէն կը մեծնայ համարձակօրէն, արտայայտուողներուն թիւը թրքական ընկերութեան մէջ», կը նշէ հրատարակողը։
«Այդ մէկը ճակատագրական է ճանաչման պայքարին մէջ», կը հաստատէ Միշիկընի համալսարանի ընկերաբանութեան դասախօս Ֆաթմա Միւկէ Կէօճէք, եւ կ’աւելցնէ. «Կարեւոր է, որ մեզի նման թուրքեր հրապարակաւ արտայայտուին, որովհետեւ միայն այն ատեն է, որ թրքական ընկերութիւնը լրջօրէն մտիկ պիտի ընէ։ Այնքան ատեն, որ մարդկային իրաւունքները կարեւոր են աշխարհին համար, ես ճանաչում իրագործելու յոյս ունիմ: Առնուազն ատոր համար է, որ ես իբրեւ մարդ անհատ կը պայքարիմ։ Թէ իմ կեանքիս ընթացքին պիտի պատահի այդ մէկը, չեմ կրնար ըսել, բայց առնուազն կը նպաստեմ անոր զարգացման»։
Քանատահայեր եւ ամերիկահայեր եւս կը կրեն Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը։
Քանատահայ բեմադրիչ Աթոմ Էկոյեան, որուն «Արարատ» շարժապատկերը արժանացաւ լաւագոյն ժապաւէնի քանատական «Ճենի» մրցանակին, հետեւեալը ըսաւ. «Ուսմանս ընթացքին «Միտնայթ էքսփրէս» ժապաւէնին մասին քննադատական յօդուած մը գրելու պարտականութիւնը ունէի։ Շարժապատկերի սրահին դիմաց թուրք ուսանողներ ժապաւէնին մէջ ներկայացուող պատկերները դատապարտող թռուցիկներ կը բաժնէին։ Եւ այդ մէկը խթանեց զիս։ Սկսայ քաղաքականապէս դերակատարութիւն ունենալ եւ գրեցի «Արարատ»ը. բայց պատրաստ չէի տակաւին զայն ժապաւէնի վերածելու. շատ զայրացած էի եւ կ՚ատէի ուրացող թուրքերը։ Չէի գիտեր, որ կայ թուրքերու սերունդ մը, որ ոչինչ գիտէ այդ հարցին մասին։ Եթէ երկխօսութիւն տեղի պիտի ունենայ, մենք պէտք է հասկնանք այն իրականութիւնը, թէ մենք ճանաչում կը պահանջենք ժողովուրդէ մը, որ այդ գծով ոչ մէկ նախապատրաստութիւն ունեցած է իր պետութենէն։ Չենք կրնար ակնկալել, որ յանկարծ ընդունին ցեղասպանական արարքներ գործած ըլլալը։ Արդեօ՞ք կարելի է երկար ժամանակ առաջ տեղի ունեցած եւ ցարդ ծրագրուած ձեւով ուրացուող մարդկային իրաւանց այդ խափանարարութիւնը արդարութեան հրաւիրել։ Այդ է կարեւորագոյն հարցումը, նկատի առած, որ այս բաները ժամանակի ընթացքին չեն կորսուիր»։
Քանատահայ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեան հետեւեալը կ՚ըսէ. «Հօրս հայրը բռնի տեղահանուած է դէպի անապատ. ինք ողջ մնացած է, բայց իր կինն ու երկու տարեկան որդին սովամահ եղած են։ Մօրս ծնողները եւս վերապրած են, բայց մեծ հայրը ձերբակալուած եւ չարչարանքի ենթարկուած է տաք երկաթին համը առնելով մարմնին վրայ։ Փախուստ տուած է ան, բայց հետագային՝ սպաննուած։ Հետեւաբար ես հասակ առի մշակոյթիս հաւատարիմ մնալու եւ մեծ հայրերուս ապրածը արժեւորելու սաստիկ հաւատարմութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ հայ մնալու աներկբայ վճռակամութեամբ։ Այդ է, որ յատուկ ձեւով կը գունաւորէ երգեցողութիւնս։ Երբ երգեմ հայկական «Տլէ եաման»ը, ոչ հայ երաժիշտներ ըսած են, թէ՝ «չեմ գիտեր, ի՛նչ կայ այդ երգին մէջ, բայց սիրտս կոտրեց»։ Երգը գրուած է իբրեւ սիրերգ, բայց Ցեղասպանութենէն ետք ուրիշ իմաստ ստացաւ։ Մայրս է իմ հայ ինքնութեանս վրայ հաստատ մնալուս պատճառը։ Այնքան կրակ տեսած եմ իր մէջ այս հարցին նկատմամբ, մանաւանդ երբ ցարդ չէ ճանչցուած. սակայն այնքան ատեն որ չենք մոռնար անպայման, արդարութիւն կը նուաճենք։ Ցաւը չի մեղմանար, որովհետեւ իրագործուածը ուղղակի ծրագիր մըն էր ոչնչացնելու մեզ։ Այն իրականութիւնը, որ ես այսօր կ՚ապրիմ եւ հայերէն երգեր կ՚երգեմ, համազօր է մոխիրներէն վերածնելու եւ վերակերտելու»։
Ամերիկահայ երաժիշտ Սերժ Թանքեան՝ «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» հայկական խումբէն, որ կը յայտնուի ամբողջ աշխարհի տարածքին Ցեղասպանութեան ճանաչման նիւթը արծարծող վաւերագրական «Սքրիմըրզ» (գոռացողներ) տեսաերիզին մէջ, հետեւեալը դիտել կու տայ. «Մեծ հայրս ու մեծ մայրս Ցեղասպանութեան վերապրողներ են։ Մեծ մայրս արդէն մահացած է, բայց մեծ հայրս տակաւին ողջ է իր 96ամեայ հասակին մէջ։ Ան հինգ տարեկան էր Ցեղասպանութեան ատեն։ Անոր հայրը, հօրեղբայրներն ու մեծ հայրը տարուած էին իբրեւ բանուորներ, բայց՝ սպաննուած։ Յետոյ թուրք զինուորներ իրեն եւ շատերու եւս տեղահանած են եւ ճամբուն ընթացքին զանոնք կողոպտած, բռնաբարած, անօթութեան ենթարկած եւ ոմանց նաեւ սպաննած են։ Ան իր տեսողութիւնը կորսնցուցած է երկու շաբաթ։ Երբ այս պատմութիւնները լսեցի, սիրտս ճզմուեցաւ եւ լալ ուզեցի։ Խելքէ դուրս է, որ մարդ արարած մը այդ բոլորը կ՚ընէ ուրիշ մարդ արարածի մը, 20րդ դարուն։ Եւ ամէն անգամ, որ անարդարութիւն մը տեղի կ՚ունենայ, քաջալերած կ՚ըլլաս ուրիշներու եւս, որ նոյնը ընեն եւ անպատասխանատու մնան։ Հիթլէրը նոյնը ըրաւ եւ ցեղասպանութիւն տակաւին տեղի կ՚ունենայ Տարֆուրի մէջ այսօր։ Ծիծաղելի է. մենք մեր դասը չենք սորված։
«Մեր երգերուն մէկ մասը կը խօսի Ցեղասպանութեան մասին եւ նուիրուած է անոր զոհերուն։ Անիկա մեր կեանքին մէկ մասն է։ Անիկա մեր էութեան մէկ մասն է։ Ես ուղղակի կը զարմանամ, երբ կը հանդիպիմ թուրքերու, որոնք կ՚ըսեն, թէ ոչ միայն կը սիրեն մեր երաժշտութիւնը, այլեւ կը հիանան մեր կեցուածքին եւ մեր արծարծած նիւթերուն վրայ։ Ասիկա կը նշանակէ, որ կացութիւնը կը փոխուի. մենք պատնէշներ է, որ կը քանդենք, եւ մարդիկ կ՚անդրադառնան իրականութեան»։