ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
«Շատ մը աղանդներ բարձրասլաց տեսլականներով ճամբայ կ՛ելլեն, սակայն կ՛աղաւաղուին իրենց ղեկավարներուն կամ խորհրդականներուն կողմէ, որոնք կը ջանան աղանդի անդամներուն վրայ ամբողջական տիրապետութիւն հաստատել։ Օրինակելի տեսլականներով կազմուած ոչ մէկ խմբաւորում ճամբայ կ՛ելլէ՝ իբրեւ «աղանդ», այլ անոր կը վերածուի, երբ իր մոլորեալ ընթացքը կը բացայայտուի»։
Ֆիլիփ Զիմպարտօ

Շատերուս համար աղանդ բառի նշանակութիւնը կապուած է միայն կրօնական խմբաւորումներու հետ: Իրականութեան մէջ, աղանդները կրնան ըլլալ նաեւ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, զինեալ, եւ այլն: Կան նաեւ այսպէս կոչուած ներքին աղանդներ, որոնք կը գոյանան խմբաւորումի մը մէջ՝ ստեղծելով երկուութիւն: Օրինակ, կազմակերպութիւն մը կրնայ երկար տարիներ գործել իր իսկ սահմանած աւանդներով, եւ յանկարծ իր հունէն դուրս գալով՝ կը վերածուի ծայրայեղականներու աղանդի:
Ոեւէ մէկը կամաւոր չի միանար աղանդի մը. միացողները պարզապէս կը նորագրուին (recruit) իրենց փոխանցուող սուտ եւ ոչ-ամբողջական տեղեկութիւններով: Գիտական հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ բոլոր աղանդաւորները ունին խոցելի կողմեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ հիւանդութիւնը (հոգեկան կամ ֆիզիքական), հարազատի կամ սիրելիի մը մահը, սիրային յարաբերութեան մը խզումը, ամուսնալուծումը, աշխատանքի կորուստը, երկրէ մը ուրիշ երկիր տեղափոխուիլը, ըմբռնելու եւ հաղորդակցելու անկարողութիւնը, թմրեցուցիչի կամ ոգելից ըմպելիի հետ կապ ունեցող հարցերը, չլուծուած սեռային հարցերը, վախն ու սպառնալիքը, զանազան տեսակի մոլութիւնները, իրականութենէ կտրուած եւ երեւակայական աշխարհի մէջ ապրիլը, մանկութեան ընթացքին ծնողքին կամ ուրիշներու կողմէ ֆիզիքական, սեռային չարաշահումները, հոգեկան ճնշումներն ու նախատինքը, եւ վերջապէս արմատականութիւնն ու ինքզինք կամովին ծայրայեղականացնելը: Այս բոլոր խոցելի իրավիճակները առիթ կու տան աղանդ «ծախողներուն» (recruiters) յաջողելու իրենց առաքելութեան մէջ:
Աղանդներու առաջնորդները, որոնք նկարագիրով եսակեդրոն, նարկիզական (narcissist) եւ հետեւաբար մենատէրեր կ՛ըլլան, կ՛ուզեն մարդիկ, որոնք հնազանդ ըլլան անձնապէս իրենց եւ իրենց սահմանած կանոններուն: Անոնք միջոցներ կը կիրառեն մարդոց «ընտելացնելու». մարդիկ, որոնք տքնաջան եւ երկար ժամեր կ՛աշխատին քիչ կամ առանց վարձատրութեան: Անոնք նաեւ միջոցներ կ՛օգտագործեն հին անդամներու հաւատարմութիւնը պահպանելու եւ նորերը ներգրաւելու համար:
Մէկ խօսքով, անոնք կամաւոր ստրուկներ կ՛ուզեն։ Ուրեմն, երբ աղանդաւորին միտքն ու մտածելակերպը հակակշռուած են եւ իր դատողութիւնը մշուշապատուած, ան կրնայ երջանիկ թուիլ եւ ամէն ինչ ընել առաջնորդին կամ խումբին շահերուն համար: Այսպէս, անդամներուն երջանկութիւնը կը կայանայ ղեկավարին եւ խումբին համար «լաւ» գործունէութեան մէջ՝ հաւատալով, որ իրենք ճիշդը կ՛ընեն կամ իրենք գտած են ապրելու լաւագոյն ձեւը: Բայց այդպէս ապրելու համար, խիստ հնազանդութիւն կը պահանջուի անոնցմէ։ Ուրեմն՝ այս անձերը կ՛ապրին կախեալ իրենց ղեկավարի քմահաճոյքէն, միշտ վախի եւ մեղքի զգացումով եւ կը մնան խրուած այդ կացութեան մէջ՝ առանց ելքի:
Բայց որեւէ նոր ազդեցութիւն չի ջնջեր մարդու հին ինքնութիւնը, այլ՝ իրականութեան մէջ, կը ստեղծէ նոր ինքնութիւն՝ ճնշելու հինը: Տարբեր տեսակի ճնշումներէ ետք, նոր ինքնութեան ստեղծումը կը կատարուի քայլ առ քայլ՝ պաշտօնական ուսուցման նիստերու միջոցաւ եւ ոչ-պաշտօնական՝ անդամներու շողոքորթ խօսքերով, ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթերու հրապարակումով: Այս ընթացքին, նաեւ կ՛օգտագործուի վարքագիծի փոփոխման միջոցներ, ինչպէս՝ պաշտօններ բաժնել, պատժել (օրինակ մեկուսացնել կամ վտարել), խօսքի եւ գործի ազատութիւնը կաշկանդել, եւ այլն: Եւ այսպէս, նոր ինքնութիւնը կ՛ամրապնդուի, իսկ հին ինքնութիւնը կը ճնշուի:
Տեղին է յիշել, որ աղանդի մը անդամակցողները կրնան ըլլալ երիտասարդներ եւ տարեցներ, առանց սեռի խտրութեան, իսկ ուսման մակարդակը անպայմանօրէն կարեւոր չէ: Օրինակ՝ 26 Մարտ 1997ին, Քալիֆորնիոյ Ռենչօ Սանթա Ֆէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական անձնասպանութիւն մը։ Աղանդի մը անդամ տարբեր տարիքի 21 կիներ եւ 18 տղամարդեր մահացան. բոլորն ալ ուսանողներ կամ համալսարաններու դասախօսներ էին:
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱԿԱՆ ՎԱՐՔԱԳԻԾԸ
Համաշխարհայնացումին (globalization) պատճառով, վերջին երեսուն եւ աւելի տարիներուն ընթացքին, աշխարհի վրայ նկատելի է ժամանակին աւելի հանդուրժողական վարքագիծ ունեցող երկիրներու ժողովուրդներուն եւ իշխանութիւններուն, կուսակցութիւններուն, կրօնական հաստատութիւններուն, անդամներուն եւ անոնց ղեկավարներուն մօտ աղանդաւորական մտածելակերպը եւ գործելաոճը: Այս տեսակի մարդիկ սկսած են հաւատալ, թէ ան որ իրենցմէ չէ լաւ մարդ չէ, լաւ կրօնական չէ, դաւաճան է, եւ այս տեսակի անհիմն եւ երեխայական գաղափարներու:
Ուրիշներ քիչ մը աւելի լայնցնելով իրենց երեւակայական աշխարհը՝ սկսած են կարծել եւ հաւատալ, որ աշխարհի մարդկութիւնը իր ամբողջութեամբ պարտաւոր է հաւատալ եւ անդամակցիլ իրենց, կամ նուազագոյնը՝ համակիրը ըլլալ: Այլապէս, տուեալ անձը, կազմակերպութիւնը, ժողովուրդը՝ բոլորն ալ, դաւաճաններ են: Այսինքն, այս տեսակի մարդիկ եւ անոնց ղեկավարները իրաւունք տուած են իրենց որոշելու, թէ որոնք են հայրենասէրները կամ դաւաճանները, լաւը կամ գէշը, հրեշտակը կամ սատանան: Այս տեսակի ախտաւոր մտածելակերպ կարելի է գտնել միայն աղանդաւորներու մօտ:
Հետեւաբար, կարելի է եզրակացնել, թէ այս տեսակի կազմակերպութիւններ բռնած են աղանդի վերածուելու ճամբան:
Ի տես այս երեւոյթին, մեզմէ ոմանք անդադար կը բողոքեն իրենց պատկանած երկրին, կազմակերպութեան, կրօնական հաստատութեան կամ կուսակցութեան ղեկավարութեան քաղաքականութեան եւ վարքագիծին հանդէպ. անոնցմէ շատեր արդէն հեռացած են աղանդաւորներու խմբաւորումներէն, իսկ ուրիշներ կը խուսափին այդ մասին որեւէ քննարկումէ:
Նեղմիտ ղեկավարներ եւ անդամներ դարձած են առաւել նուազ հմուտ՝ վեր կանգնելու համար քաղաքական, գաղափարական, կազմակերպական, կրօնական կողմնակալութենէ, լսելու տարբեր տեսակէտներ եւ հասնելու լուծումի:
Տակաւին, աւելի գէշը այն է, որ այդ մարդիկ կարծես սկսած են կորսնցնել հաւատքը ոչ միայն ժողովրդավարութեան եւ գաղափարախօսութիւններու, այլեւ՝ իրարու նկատմամբ: Մեծ է թիւը անոնց, որոնք կը զգան, որ ընդհանուր տեսլական կերտելու եւ մեծ հարցեր լուծելու իրենց պատկանած աղանդի ղեկավարութեան կարողութիւնը սկսած է չքանալ:
Անոնցմէ շատեր նաեւ կը տեսնեն իրենց ղեկավարութեան թերութիւնները եւ յաջորդ սերունդին սպառնացող վտանգները, բայց չեն մտածեր լուծումներու մասին: Անոնք գիտեն այս նահանջին տուն տուող պատաճառները, սակայն կը նախընտրեն լուռ մնալ: Աւելի ցաւալին այն է, որ անոնք գիտեն ինչ պէտք է ընել կացութիւնը բարելաւելու համար, բայց կը նախընտրեն մեղադրել ուրիշը, յաճախ իրենց իսկ կողմնակիցները, տուեալ հաստատութեան կամ գործերու ձախողութիւններուն համար: Մէկ խօսքով՝ իրենց աղանդը եւ անոր ղեկավարները դասել ամէն բանէ վեր:
Ասոնք երեւոյթներ են, որոնք, ինչպէս վերը յիշեցինք, կարելի է գտնել միայն աղանդներու մէջ:
Դժբախտաբար, այս վիճակէն զերծ չէ մնացած Հայաստանը եւ հայութիւնը: Օրինակ, նկատելի է հայաստանեան ղեկավարութիւններուն եւ անոնց հետեւորդներուն մօտ «եթէ մեզմէ չէ ուրեմն անպէտք է» մտածելակերպը: Ցայտուն օրինակներէն է նաեւ իմ կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ զերծ չէ մնացած աղանդաւորական արհաւիրքէն: Կուսակցութիւն մը, որ իր ծնունդէն ի վեր միշտ եղած է ջատագովը խօսքի ազատութեան, հանդուրժողութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ պայծառատեսութեան, այսօր՝ աղանդաւորական հոգեբանութեան զարգացման պատճառով, կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին հարցեր եւ անոր ղեկավարման համակարգը, որուն վրայ միշտ վստահած են շարքայինները հարցերու լուծման համար, դարձած է անկարող:
Համաշխարհային մակարդակով եղափոխուող եւ դէպի աղանդաւորական հոգեբանութիւն տանող այս վարքագիծը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ համայն մարդկութեան համար: Հետեւաբար անհրաժեշտ են կատարել խորքային ուսումնասիրութիւններ կասեցնելու համար ընթացքը: Սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ այս հարցի ուսումնասիրութիւնը կրնայ յուսահատեցնել մեզ, մասամբ այն պատճառով, որ անիկա շատ բարդ եւ անյաղթահարելի կը թուի ըլլալ:
Համամարդկային այս հարցը կը պահանջէ բազմաբնոյթ լուծումներ, որոնց մէկ մասը կրնայ շատ վեր ըլլալ մեր անհատական հնարաւորութիւններէն, այդ պատճառաւ, անիկա կրնայ ամրապնդել մեզմէ շատերուն մէջ, արդէն իսկ տիրող յուսալքման եւ անճարակութեան զգացումը: