
Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի Օրհնութեան Խօսքը
Միւռոնօրհնէքի մասնակցելու պարտաւորութեամբ Լիբանան մեկնած՝ Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու 45րդ տարեդարձը եւ այս առիթով մեր սրտագին օրհնութիւնները կը բաշխենք ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին՝ Շրջանային եւ տեղական մարմիններու վարչական պատասխանատուներէն մինչեւ սկաուտներն ու «կակուղ թաթիկ»ները, անցեալ եւ ներկայ մարզիկներէն մինչեւ մեր սիրելի ժողովուրդի բոլոր զաւակները, որոնք, ըլլալով հանդերձ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ՝ իբրեւ գլխաւոր յենարան եւ անգերազանցելի նեցուկ, ահա՛ 45 տարիներէ ի վեր զօրավիգ կը կանգնին Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հայակեդրոն ու հայանպաստ ծրագիրներուն եւ հայրենական ու ազգանուէր աշխատանքներուն:
Բարձր ոգեւորութեամբ ու գնահատանքով կ՛ողջունենք նաեւ մեր շրջանէն ներս եւ ՀՄԸՄի կառոյցին ջանքերով 2018 թուականէն ի վեր իրականացուող «Հրաշք» ծրագիրը, որ իրօք հրաշալի ներկայութիւն է դարձած մեր ազգի զաւակաց կեանքին մէջ: Տարբեր կարողութիւններով օժտուած մանուկներու եւ պատանիներու համար «Հրաշք»ը տարուէ տարի աւելի եւս կը հրաշագործուի՝ յաւելեալ ուշադրութեան արժանի այս տղաքը ընդգրկելով մարզական շարքեր՝ առիթ տալով անոնց, որ մասնակցին Նաւասարդեան խաղերու համահայկական ընդհանուր տողանցքին եւ մրցոյթներու:
Յուրախութիւն բոլորիս, համաճարակի պատճառով երկու տարուան ստիպողական դադարէ մը ետք, Նաւասարդեան խաղերը նորոգ թափով ու նորոգելի շնչառութեամբ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս դա՛րձեալ կը դառնան փնտռելի ներկայութիւն, շնորհիւ այն բարձր կազմակերպուածութեան եւ մագնիսացնող մթնոլորտին, որուն ետին ամբողջ աւանդ մը կը կանգնի՝ հիմնադիր Քրիսեաններէն մինչեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի անմահ հերոսները: Միաժամանակ, ողջունելի այս միութիւնը՝ միջին արեւելեան բնօրրանէն մինչեւ ամերիկեան աշխարհի այս ափերը, ծաղկուն շարունակականութիւն մը կ՛ապահովէ ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներու եւ իրարայաջորդ հայ գիտակից սերունդներու:
Կանաչ երթ՝ մի՛շտ երիտասարդ ՀՄԸՄին:
Աղօթարար՝
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի