Թուրքիա՝ իբրեւ անդամ, կը խոչընդոտէր Շուէտի եւ Ֆինլանտայի՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան գործընթացը, պատճառաբանելով, որ այդ երկիրներուն մէջ ազատօրէն կը գործեն քրտական եւ կիւլէնական «ահաբեկչական» կազմակերպութիւնները եւ պայման դրած էր, որ բազմաթիւ «ահաբեկիչներ» իրեն վերադարձուին, պահանջ մը՝ որուն նկատմամբ առաջին առթիւ շատ ջերմ վերաբերում չէին ցուցաբերած խնդրոյ առարկայ երկիրները։
Նշենք, թէ թրքական կողմին «ահաբեկիչներ» որակածներու ցանկին վրայ կայ նաեւ հայութեան մօտիկ բարեկամ, այլախոհ, մարդկային իրաւանց պաշտպան, հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքոլուի անունը։
28 Յունիսին, Մատրիտի մէջ սկսած ՆԱԹՕի վեհաժողովի առաջին օրն իսկ անակնկալօրէն յայտարարուեցաւ, թէ Թուրքիոյ եւ սքանտինաւեան երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն։ Թրքական մամուլը կը գրէ, թէ անոնք Թուրքիոյ պիտի վերադարձնեն պահանջուած «ահաբեկիչները», իսկ եւրոպական մամուլը կը գրէ, թէ երեք երկիրները խոստացած են հակաահաբեկչական ոլորտին մէջ գործակցութիւնը սերտացնել։
29 Յունիսին, ՆԱԹՕի ղեկավարութիւնը անդամակցելու պաշտօնական հրաւէրներ յղեց Շուէտին եւ Ֆինլանտային, քայլ մը՝ որ խստօրէն դատապարտուեցաւ Մոսկուայի կողմէ։