ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Աջափնեակ համայնքին մէջ Հոկտեմբեր 29ին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով, նախնական տուեալներով, թաղապետ ընտրուած է անկուսակցական Ռուբէն Յովսէփեան (13,930 ձայն):
Ընտրութիւններուն մասնակցած 18,935 ընտրողներէն 1920ը քուէարկած է «Ժողովրդավարական ուղի» կուսակցութեան թեկնածու Իշխան Արշակեանին, իսկ 2416ը՝ Գագիկ Սարգսեանին (Հ.Յ.Դ.): Այս մասին յայտնեց Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի մամլոյ քարտուղար Ծովինար Խաչատրեան եւ նշեց, որ 654 քուէաթերթիկներ անվաւեր էին: