ՔԻԵՒ, «Պի.Պի.Սի.».- Շաբաթներ տեւած բախումներէ ետք, արեւելեան Ուքրանիոյ Լուհանսք շրջանի Սեւերոտոնեցք քաղաքը կը գտնուի ռուսական զօրքերու եւ «Լուհանսքի ժողովրդական հանրապետութեան» աշխարհազօրայիններու ամբողջական վերահսկողութեան տակ, շաբաթավերջին յայտարարեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Իկոր Քոնաշենքով:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը հաղորդեց, թէ Կիրակի առաւօտեան, Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի վրայ յարձակումին պատճառով, հրթիռ մը հարուածեց 9 յարկանի բնակարանային շէնք մը. սպաննուեցան առնուազն երկու քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան առաւել քան 20 ուրիշներ: Մայրաքաղաքի բնակիչները լսեցին չորս պայթիւններ, մասնաւորաբար Շեւչենքոյի շրջանին մէջ:
Նաեւ, Երկուշաբթի օր, ռուսական ուժերը ռմբակոծեցին արեւելեան Ուքրանիոյ Քրեմենչուք քաղաքի շուկաներէն մէկը՝ պատճառելով առնուազն երկու զոհեր։