Երեքշաբթի կէսօրին, Լիբանանի ուժանիւթի նախարարութեան մէջ ստորագրուեցաւ Լիբանանի` Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրը:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ այս համաձայնագիրին շնորհիւ Լիբանան հասնելիք եգիպտական կազը Սուրիոյ վրայով պիտի հասնի Տէյր Աամարի ելեկտրակայանը:
Ան հաստատեց, որ այս համաձայնագիրը կարելի չէր ըլլար ստորագրել, եթէ Եգիպտոս ուղղակի համաձայնութիւն տուած չըլլար եւ անոր մանրամասնութիւններուն չհետեւէր:
«Այս համաձայնագիրին ստորագրութիւնը կը նշանակէ, որ Լիբանան, Եգիպտոս, Յորդանան եւ Սուրիա իրենց պարտականութիւնները կատարած են` լիբանանցի ժողովուրդին ելեկտրականութիւն տրամադրելու համար», ըսաւ Ֆայեատ:
Ան ընդգծեց, որ այս ծրագիրին գործադրութիւնը պիտի կարենայ Լիբանանին 4 ժամ յաւելեալ ելեկտրականութիւն ապահովել, բան մը, որուն Լիբանան մեծ կարիք ունի:
Ֆայեատ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան կ՛ակնկալէ, որ Միացեալ Նահանգները իր վերջնական երաշխիքը շնորհէ Սուրիան «Սիզըր» պատժամիջոցներէն զերծ պահելու, որպէսզի կարելի ըլլայ այս ծրագիրին գործադրութիւնը:
Նշենք, որ համաձայնագիրին գործադրութեան շրջագիծին մէջ, տարեկան դրութեամբ Սուրիոյ վրայով Լիբանան պիտի փոխադրուի 650 միլիոն խորանարդ մեթր եգիպտական կազ:
Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպանի ներկայացուցիչը իր կարգին այս առիթով հաստատեց Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը եգիպտական կազը առանց ուշացումի փոխանցելու Լիբանան` աւելցնելով, որ Սուրիա 6 ամիսէ ի վեր պատրաստ է այդ փոխանցումը կատարելու: