ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ

Մեր օրերու աշխարհը «շուռ» եկած է: Բոլոր արժէքահամակարգերը գլխիվայր դարձած ըլլալ կը թուին: Դիմատետրը, Ինսթակրամը, Թուիթըրը թեւեր տուած են անոնց, որոնք սովորական աշխարհի մը մէջ, գլուխնին կախ, տունէն աշխատատեղի, աշխատատեղիէն տուն պիտի քալէին, առանց նոյնիսկ հետաքրքրուած ըլլալու հայաշխարհով:
Խորհրդային Միութեան օրերու մարտավարական խաղերը (tactics) հասած են մինչեւ Սփիւռք: Ժամանակին դաշնակցականները որակուած էին «իմպէրիալիզմ»ի ծառայող, «պուրժուա պահպանողական» ուժեր: Այսօր, այդ նոյն ուժերը սկսած են պիտակաւորել անոնք, որոնք իրենցմէ տարբեր կարծիք ունին: Ամէնէն ցայտուն օրինակը՝ «դաւաճան» պիտակն է. կամ՝ «թուրք»:
Գրեթէ ընդունելի նկատուած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող դեսպանը նեղելը (harassment), ետեւէն քալելով եւ «դաւաճան», «դաւաճան» կոչելով զինք: Ընդունելի է նաեւ գինի թափելը վրան: Եւ վա՛յ որ մէկը համարձակի դիտողութիւն ընել այդ մասին…. ա՛ն ալ «մեղսակից», «դաւաճան» կը դառնայ: Հապա ի՞նչ… այնքա՛ն դիւրին դարձած է այս օրերուս անարգ վերաբերում ունենալը որեւէ պաշտօնական ներկայացուցիչի հանդէպ, ա՛լ ուր մնաց՝ յարգուած անձնաւորութեանց կամ՝ բարեկամի: «Դաւաճա՛ն» կ՛ըսէք եւ եթէ մէկը համարձակի բան մը ըսել՝ կը պատճառաբանէք, որ… «հողատու»ն կը պաշտպանէ, որ Արցախը մերը չէ այլեւս, որ… ի՛նչ լաւ էր նախկիններուն օրով:
Եթէ պատահի, որ փորձէք դիմադարձել եւ փաստեր բերել, իրենց դրոյթները (thesis) խնդրոյ առարկայ դարձնելով, այն ատեն այս մարդիկը կը դառնան պատմաբան, քաղաքագէտ, փորձագէտ. երբեմն, իրենց ամբողջ կեանքին մէջ հայութեան համար ոչինչ ըրած անձեր կը սկսին ամբարտաւան վարուելակերպ ցուցաբերել ուրիշներու հանդէպ, երբ անոնց գիտցածին քառորդին քառորդը չեն գիտեր, կամ՝ անոնց ըրածին քառորդին քառորդը չեն ըրած: Ահա ձեզի վերջին օրինակը խեղկատակութեան։
Սերժ Թանգեան. արժէքաւոր արուեստագէտ մը, որ միլիոնաւոր երիտասարդներու ծանօթացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ամէ՛ն առիթի նեցուկ կեցած է Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն. Արցախեան վերջին պատերազմին սկզբնական օրերուն երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար նուիրած է պատերազմին կարիքները հոգալու համար, իսկ անոր ընթացքին՝ մէկ միլիոն տոլարէ աւելի: Իր ունեցած ազդեցութեան շնորհիւ, տակաւին որքա՜ն այլ ձեւերով սատարած է հայրենիքին եւ հայրենի պետականութեան. նեցուկ կեցած է նաե՛ւ Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան: Բայց այս բոլորը, ինչպէս կ՛երեւի, դիմատետրեան մշակոյթի այս օրերուն՝ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն. Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը «դաւաճանական խունդայի անդամ» կ՛որակէ Սերժ Թանգեանը, իսկ այլ երիտասարդներ «գործի կ՛անցնին» եւ խնդալով, գրգռելով՝ «հայրենասիրութիւն» կը խաղան, «դաւաճան»ի կողքին «լուզըր» մակդիրն ալ շնորհելով երաժիշտին…
Ուրիշներ իրենք իրենց իրաւասութիւն կու տան հայ ոստիկանը «թո՛ւրք» անուանելու եւ ամբողջ ոստիկանութիւնը, իշխանութիւնը ֆաշական նկատելու: Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար՝ Սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ ապրող հայերը տեսած են ֆրանսացի կամ ամերիկացի ոստիկաններու ի գործ դրած բրտութիւնը ցոյցերու ընթացքին եւ կը հաստատեն, որ բաղդատած այլ երկիրներու՝ Հայաստանի ոստիկանութիւնը շա՜տ աւելի մեղմ ու համբերող կեցուածք ցուցաբերեց երբ ժողովուրդը վրան կու գար… Վստահաբար գտնուեցան կոշտ ոստիկաններ ալ, բայց ֆաշիզմով դատապարտել զանոնք, նուազագոյնը՝ ժպիտ կը բերէ դէմքին: Եւ ո՞ւր էին բրտութիւն դատապարտող այս մարդիկը, երբ Լ. Տէր Պետրոսեանի, Ռ. Քոչարեանի կամ Ս. Սարգիսեանի ոստիկանները արիւնլուայ կ՛ընէին տասնեակ ու տասնեակ ցուցարարներ:
Իսկ ֆաշիզմը ի՛նչ է իսկապէս: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը եւ բացէ՛ք թերթերը. համայնավարութեան ամբողջատիրական օրերուն պէս միա՛յն մէկ կարծիք կը տեսնէք. վարդապետութիւնը (indoctrination) ողողած է բոլորը. խմբագիր, յօդուածագիր, ուսուցիչ, հոգաբարձու… ով որ կ՛ուզէք «պատրա՛ստ»ի կեցած է պէտք եղած ատենը «թո՛ւրք» հնչեցնելու: «Մտաւորական» դասն ալ հրաւիրուած է հրապարակ. «օ՛ն, «գործիչ»ներ՝ ամէն օր գրեցէ՛ք. ամէ՛ն օր «հողատո՛ւ», «դաւաճա՛ն» հոլովեցէ՛ք, մինչեւ որ դուք ալ յոգնիք ու յոգնեցնէք»: Վահէ Օշականը ողջ ըլլար՝ «աս ի՞նչ տեսակ մտաւորական էք» պիտի ըսէր ու թերեւս քիչ մը կարմրէին թութակներուն այտերը: Թերեւս անդրադառնային, որ մտաւորական չե՛ն, որովհետեւ ԱԶԱՏ չեն ու կը հետեւին վերէն պարտադրուած ամբոխային տրամաբանութեան: Եթէ պատահի, որ մտաւորական մը նախընտրէ լուռ մնալ՝ ահա՛՝ դատապարտելի՛ արարք: Ամօ՛թ իրեն. ինչո՞ւ կը լռէ…
Կը տեսնէ՞ք ինչպէս կ՛աշխատի ամբողջատիրական համակարգը. ինչպէս կ՛աշխատի ֆաշիզմը: Մէ՛ջն էք. անոր համար չէ՛ք տեսներ: Եւ այնքա՛ն մէջն էք ու այնքա՛ն բեւեռային, որ հազի՛ւ կարդաք այս տողերը՝ պիտի ըսէք. «հապա դո՞ւք. դուք ալ Արեւմուտքի վարդապետութեան, NGO-ներու գերին էք»: Մէջտեղը վայր մը չկայ դժբախտաբար, ուր ուղեղալուացքէն ազատած միտքեր կարենան հանդարտ խօսիլ ու տրամաբանել, առանց վիրաւորելու դիմացինը:
Եւ ըսել, որ կա՛ն ճշմարիտ հայրենասէրներ այս զանգուածին մէջ. կա՛ն հաւատաւո՛ր, մաքո՛ւր, սրտցաւ հայեր, բայց ի՞նչ օգուտ, երբ յաճախ զգացական պոռթկումներով կը շարժին:
Խե՜ղճ, պառակտուա՜ծ հայ ժողովուրդ. ամբողջ հարիւր տարի կերտածդ կրցան երեսուն տարուան մէջ տապալել, որովհետեւ չ՛անդրադարձար, որ կամա՜ց- կամա՜ց կը սողոսկին էութենէդ ներս. կը խօսին հայրենասիրութեան լեզուով, բայց ա՛յլ նպատակներու համար: Մեծ պետութիւնները կը գործածեն քեզ իրե՛նց շահերուն համար… իսկ դո՞ւն… դուն կը դառնաս քո՛ւ պետութեանդ դէմ…:
Դո՛ւն՝ հայ ժողովուրդին միասնականութեան կոչեր ընող հայութիւն, ո՛չ կրնաս միանալ, ո՛չ կրնաս հայրենիք ու պետութիւն կերտել, երբ բռնուած ես մտածումը արգիլող ճիրաններուն մէջ ու ծառան ես ուրիշներու քմահաճոյքին: Տխուր չէ՞ քեզ տեսնել ցուցարարի դիրքին մէջ քո՛ւ պետութեանդ դեսպանատուներուն դիմաց, երբ կրնայիր Արցախի դրօշը թուրքերուն, ազերիներուն կամ ռուսերուն դիմաց պարզել…
«Զարթի՛ր, Լաո»ն շա՜տ աղուոր երգ է, բայց երբ «Զարթիր»ը դարձած է «Զարթնիր» եւ ոչ ոք հարց կու տայ, թէ այդ «ն»ն ի՞նչ գործ ունի հոն՝ ամէն բան ա՛լ աւելի յստակ կը դառնայ:
Թութակները կը կրկնեն նոյն սխալը, նոյն ձեւով, առանց հարցադրելու…
Զարթի՛ր, Լաո. աչքերդ բա՛ց եւ մինչ «անոնք» կը խաղան՝ դուն կարդա՛ գիրք ու պատմութիւն. սորվէ՛ յարգել պետութեան ներկայացուցիչներդ, նոյնիսկ եթէ համաձայն չես իրենց որդեգրած գիծին. սորվէ՛ յարգել արժէքներդ եւ միացի՛ր – եթէ կրնաս, եթէ կ’ուզես- ժողովուրդիդ, որպէսզի միասի՛ն կերտէք հայրենիք, միասի՛ն պայքարիք բուն թշնամիին դէմ:
Ու գիտցի՛ր Լաո, որ երբ քուկինդ «թուրք» կամ «դաւաճան» կ՛անուանես՝ միա՛յն թուրքին ու ազերիին կը ծառայես:
Զարթի՛ր, Լաո:
Աս գրվածքին մէջ քանի մը հատ լաւ բաներ կայ, բայց քիչ մը գրածին մէջը մտնողը կը կարծէ, որ աս գրողը լուր չունի որ Հայաստանի եւ Արցախի մէջը ինչեր եղան երկու տարիէ իվեր, ինչ կըլլայ հիմա, լուր չունի որ Բաշինեանը կըսէ ան բաները, որ թիւրքերը եւ Ալիէվը կըսեն: Մէկ բառ չիկայ Բաշինեանին ըրածները քննադատելու, ձեւով մը կարծես թէ Բաշինեանին եւ քովիններուն կը պաշտպանէ: Է ասանկ մէկու մը ինչ ըսեն, թիւրք չէ՞, դաւաճան չէ՞: Ցույց ընողները, Բաշինեանին դէմը ելլողները եւ խոսողները ամմէնը ապո՞ւշ են, միայն Բաշիենաը եւ աս գրողին պէս մտածողնե՞րը շիտակ են եւ հայրենասեր են: Ուրիշ կետ մըն ալ գրեմ: Հայաստանի դեսպանին կը պաշտպանէ, անոր դէմը ցուց ընողներուն մասին գեշ կը խօսի: Լուր ունի՞ որ ատ կնիկը երբոր գործի եկաւ եւ իրեն դէմը խաղաղ ցուց ըրին տղաքները, ոստիկան կանչեց, հիմա ալ Բաշինեանը ոստիկանները հաներ է ցույց ընողներուն դեէմե եւ հարիւրներով մարդիկ կը բրնէ, բանտ կըտանի: Բաշինեանին դեմը ելլող շարժումը առաջնորդողը դաշնակցութիւնն է, քիչ մը զարմանալի չէ՞ որ դաշնակցական թերթի մը մէջը ասանկ գրութիւն մը տպվի: Աս ի՞նչ մեսսաժ կուտաք կոր ասանկ գրութիւններ դնելով. ասկէ արաջ ալ ասանկ բաներ գրվեցան: Դուք ա՞լ Բաշինեանին պէս ձերքերնիդ լվացերէք Հայաստանէն եւ Արցախէն: Ես աւելի շատ իրավունք ունիմ ըսելուՎԱՅ ՄԵԶԻ, ՎԱՅ ՁԵԶԻ:
Պրն. Կարապետեան, յօդուածը ճիշդ ձեր նման մտածողներուն մասին է. մարդիկ որոնց համար ամէն բան անհատներով կը սահմանուի: Դուք տարբերութիւնը գիտէ՞ք երկիր, պետութիւն, կառավարութիւն, իշխանութիւն եզրերուն: Հարիւր տարի է «Իսթանպուլը պիտի դառնայ արեան ծով» կ’երգէք, ու հարիւր տարի Հայ ժողովուրդը տակաւին կսպասէ ձեր խոստումի իրականացման: Այսօր ալ՝ կը խոստանաք «Զարթիր Լաո» երգելով ազգը փրկել: Շարունակեցէք երգել: Թէ երգեր եւ թէ երգողներ շատ ունիք: «Քաջութիւնը» միայն երգողներուն «կը վայլէ»:
Պարոն «Թրոլ»,
Երկար ատենէ ի վեր ծանօթ եմ ձեզի. ձեր այս գրութիւնը կը լուսաբանէ դրած հարցս: Շնորհակալ եմ, որ փաստեցիք ամբողջատիրական կառոյցի մը ձեր պզտիկ գործավար ըլլալը: Ձեզի ըսուած է, որ հազի՛ւ հարց դնող յօդուած մը տեսնէք՝ տակը անպայմա՛ն բան մը գրէք:
Ամէն պարագայի, յստակ է, որ չէք հասկցած գրութեանս բուն նիւթը. ինչպէ՞ս հասկնայիք….ան ձե՛ր տեսակի մարդոց մասին է:
Ու տակաւին, այնքա՛ն ֆաշականացած էք, որ հարց կը դնէք թէ ինչպէս կ’ըլլայ, որ դաշնակցական թերթ մը այսպիսի գրութիւն կ’ընդունի դնել: Բարեբախտաբար տակաւին իրական դաշնակցականներ մնացած են. անոնք ազատ կը զգան արտայայտուելու ու կը հաւատան առողջ վիճաբանութեան: Կը յուսամ, որ Ասպարէզը միշտ կը մնայ ազատ կարծիքի վայր: Գալով ձեր նշած հարցերուն՝ երանի անոնք կարենային իրական քննարկումի նիւթ դառնալ ու չմնային դիմացինը «փաշինեանական» կամ «թուրք» անուանելու պարզունակ մակարդակին:
Կ’առաջարկեմ, որ այսօր իսկ հայելիին մէջ նայիք եւ հոն փնտռէք իրակա՛ն, ազնի՛ւ, դիմացինին կարծիքը յարգող ազնուակա՛ն Դաշնակցականը: Պիտի չգտնէք:
Շատ տեղինէ գրածդ Անի։ Թղնամին դրան սեմին է եւ մենք մեր մէջ կը փնտրենք։ Երբ պիսի սթափինք
եւ տէր կ՚անգնինք մեր պետութեան։ Լոզունքներով
Երկիր չի կարուցուիր։
Զարթիր Լաո👊🇦🇲
Անի եւ Լորիկ: Ինծի ֆաշական ըսելով կամ սթափելու կանչելով, ձեր ծուր եւ սխալ մտածածը չէքկրնար անկողինին տակը հրել: (Ներողամիտ եղեք. աս թրոլին ինչ ըլլալը չիհասկցայ: Այդչափ դպրոց չեմգացած, բայց խելք գործածելը միան դպրոց երդալով չեն սորվիր): Կրնամ մեկմէկ բացատրել ձեզի, որ ես ձեր ըսածը շատ լաւ հասկած եմ, դուք է որ իմ ըսածիս արջեւը ձեր աչքը եւ խելքը կըգոցէք, ինչպէս որ չէք ուզէր տեսնել որ Բաշինեանը եւ իր հետը եղողները ինչքան վնաս բերին Հայաստանի, Արցախի եւ մեր հայերու գլուխին: Միան ձեզի հիշեցնեմ, որ Բաշինեանը ինքն էր որ ամմեն բան իմ ուզած տեղէս պիտի ըսկսիմ եւ ուզածիս պէս պիտի ընէմ ըսաւ, ամմէն բան զէրոէն պիտի սկսիմ ըսաւ եւ ամմէն բան զերոի տարաւ: Արցախին երէքարորդը ինքը կորսնցուց (ինծի միըսեք որ նախկինները կորսնցուցին, չիքալէր ալեւս), ազերիներուն չիհասած տեղերը ինքը տվաւ բերանացի համաձայնությամբ, հետոյ ալ ձեզիպեսներուն կը համոզէ որ մեր կրնակէն բան մը չէ ըրած, պիտի չիընէ: Ինքը չէ՞ մը որ Գորիսի ճամբան ազէրիներուն կը պատկանի ըսաւ, չէ թէ հինե՞րը ըսին: Չիշարունակեմ, սպասեցեք, վաղը Լաչինն ալ պիտի տայ եւ ձերքերը պիտի լվայ, ըսելով որ հանցաւորը ես չեմ: Ձեզիպեսներուն աչքը եւ խելքը ե՞րբ պիտի բացվի: դերեւս ես եմ անխելքը, որ հույս կունենամ կոր որ օր մը աչքերնիդ կը բացվի եւ իրականութիւնները տեսնեք: Եթէ ատ օրը գայ, պիտի լաք բայց ձեր արձունքը պարապի պիտի երթայ: Ալ չիխոսիմ դաշնակցական թերթի ձեր հասկցածին մասին, կամալ մեկ կողմէն Անիին լաւ գրէրես ըսելու եւ հետոյ ալ Զարթիր Լաո ըսելով ըսածին հակառակը ըսելու մասին: Ասանկ բաներ տեսնելու համար, մէկը քիչ մը խելք պետք է ունենա, քիչ մընալ պոն սանս: Ըսելիքս ըսի, ինչոր ալ գրեք, չպիտի պատասխանեմ ալեւս: Կույրը կույրին արաջնորդը ըլլանէ, աս օրերու կը հասնինք:
Պարոն Կարապետեան,
Թրոլ-Troll կ’ըսեն մէկու մը, որ կեղծանունով գրութիւններ կը դնէ յօդուածներու տակ ու յաճախ վիրաւորանք կը հասցնէ գրողին: Պէտք է ըսել, որ ձեր «թրոլութիւնը» հետաքրքրական վերիվայրումներ կ’արձանագրէ. երբեմն բաւական մաքուր հայերէնով կը գրէք, երբեմն ուղղագրական տարօրինակ սխալներ կը ներմուծէք բառերուն մէջ, երբեմն ալ կը ձեւացնէք, որ ուսում չունիք: Բայց ձեզ ճանչնալով, գիտեմ որ լա՛ւ հայերէն գիտէք ու ձեր ժամանակը սխալներ ստեղծելով կը վատնէք:
Երկրորդ նկատողութիւնը, որ պիտի ընեմ, հետեւեալն է. ձեր ըրած հաստատումները ճշդելու համար, կ’առաջարկեմ դիմել ձեր ղեկավար պրն.Քոչարեանին ու խնդրել, որ ձեզ Մոսկուա ղրկէ: Թերեւս պրն.Փութինը ձեզի բացատրէ նոյեմբեր 9-ին իր կողմէ պարտադրուած համաձայնութիւնը, Գորիսի ճամբուն, Սիւնիքի եւ Զանգեզուրի հարցերը…
Վերջապէս ըսեմ, որ Լորիկն ու զիս կը միացնէք, երբ պարզ զուգադիպութեամբ է, որ մեր գրութիւնները իրարու ետեւ դրուած էին: Հետաքրքրական է սակայն, թէ որքա՛ն դիւրին է ձեզի համար իգական սեռի պատկանող երկու անձ համարել խելքէ զուրկ եւ կոյր: Ա՛յս ալ պէտք է փորձենք սրբագրել…
Անի Աստուրեան=խիզախ հայրենասէր հայուհի։