Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական հաւանական գործողութիւնը Թուրքիոյ համար «ապահովական նոր սպառնալիքներ» պիտի ստեղծէ, որովհետեւ «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը այս բեմագրութեան լոյսին տակ պիտի չանհետանան»:
«Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական հաւանական գործողութիւնը կրնայ քիւրտերը մղել անկախ պետութիւն ստեղծելու, եւ այդ շրջանին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսաւ Լաւրենթիեւ՝ աւելցնելով. «Մեր թուրք գործընկերներուն ըսինք, որ այդ քայլը քիւրտերուն մօտ անջատողական զգացումները պիտի աճեցնէ եւ զանոնք խթանէ պետութիւն ստեղծելու, եւ անիկա ի շահ Սուրիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի կամ Իրաքի չէ»:
Ան նշեց, որ ռուսական պատուիրակութիւնը Նուր Սուլթանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ընթացքին մեծ ջանք թափած է թրքական կողմը այս քայլին ունենալիք հակառակ արդիւնքներուն մասին համոզելու:
«Ռուսիա նոյն ժամանակ կը փորձէ քիւրտերը համոզել Դամասկոսի հետ լուծում գտնելու, վերականգնելու սուրիական հողերուն միասնականութիւնը եւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ներառելու Սուրիոյ բանակի շարքերուն մէջ, ինչ որ արգելք պիտի հանդիսանայ Սուրիոյ մէջ կացութեան ժխտական զարգացման: Ըստ Թուրքիոյ՝ անկարելի է սուրիացի քիւրտերուն հետ բանակցիլ, առ այդ անոնց հետ երկխօսութեան չի մասնակցիր», աւելցուց Լաւրենթիեւ:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան զինուորական գործողութեան չի դիմեր՝ զգուշացնելով, որ այդ գործողութիւնը «կրնայ սուրիական բանակին եւ թրքական ուժերուն միջեւ ուղղակի բախումի պատճառ դառնալ»՝ աւելցնելով. «Ռուսիա Թուրքիոյ ծրագրած գործողութեան լոյսին տակ Սուրիոյ մէջ իր ուժերը պիտի չամրապնդէ»:
Ռուսիոյ յատուկ պատուիրակը աւելի կանուխ յայտնած էր, որ Ռուսիա կը փորձէ Թուրքիան համոզել, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր հաւանական զինուորական գործողութիւնը անօգուտ է՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը «թրքական ուժերուն եւ Անգարայի առնչակից Սուրիական ազատ բանակին դէմ պիտի չկռուի»: