
Շաբաթ, 18 Յունիսի ուշ երեկոյեան, հայ-ատրպէյճանական սահմանային գօտիի Վարդենիսի հատուածին մէջ, թշնամիին կրակոցէն ժամկէտային զինուոր մը զոհուեցաւ:
Տեղեկութիւնը «Երկիր»ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց Վարդենիսի աւագանիի «Միասնական Վարդենիս» դաշինքի անդամ Դաւիթ Շահնազարեան, որ աւելցուց, թէ ներկայիս նշեալ հատուածին մէջ իրավիճակը հանգիստ է:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան Մայիսին, ատրպէյճանական զօրքը ներխուժեց Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերը եւ դիրքեր գրաւեց ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բարձունքներու վրայ:
Ըստ «Նիուզ»ի՝ զոհուած ժամկէտային զինուոր 19ամեայ Հրաչ Փիլիպոսեան Արագածոտնի մարզի Բիւրական գիւղէն էր: Ան տան աւագ զաւակն էր եւ ունէր իրմէ փոքր երկու եղբայրներ:
Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն 21 Յունիսին հաղորդեցին, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի Հայաստանի բանակի վերահսկողութեան տակ, անհիմն համարելով նոյն օրը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած այն լուրը, թէ 20էն 21 Յունիս լուսցող գիշերը, հայ զինուորներ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ: