ԹԻՖԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Տեղի տալով արեւմտեան երկիրներու ճնշումներուն, Վրաստանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 2ին ազատ արձակեցին անցեալ շաբթուան ընթացքին ձերբակալուած ռուս սպաները, որոնք ամբաստանուած էին լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով:
Ռուսերը յանձնուեցան ԵԱՀԿի պատուիրակութեան մը, որոնք աւելի ուշ Ռուսիա մեկնեցան:
Սակայն, այս միջադէպէն զայրացած Ռուսիոյ իշխանութիւնները Երկուշաբթի օր որոշեցին Վրաստանի հետ օդային, ծովային եւ ցամաքային կապերը խզել, հակառակ կացութիւնը մեղմացնելու կոչերուն:
Եւրոպական միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Հաւիէ Սոլանա յոյս յայտնեց, որ ռուս սպաները ազատ արձակելու վրացական քայլը կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու աշխատանքներուն:
Այս տագնապին լուծում մը գտնելու համար անցնող շաբաթավերջին խորհրդակցութիւններ տեղի ունեցած էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի միջեւ: