
ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթ, 11 Յունիսին, «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեան, որ օրեր առաջ ձերբակալուած էր իր գրասենեակին մէջ՝ ազատ արձակուեցաւ:
Բանտարկութիւնը իբրեւ խափանման միջոց ընտրելու քննիչի միջնորդութեան մերժման մասին որոշումը յայտնի դարձաւ նոյն օրը առաւօտեան, մինչ այդ դատարանը միջնորդութիւնը քննեց գիշերը, եւ քննութիւնը աւարտեցաւ առաւօտեան ժամը 4ի շուրջ: Փաստաբանները այդ ժամուն «Երկիր Մեդիա»ի նկարահանող խումբին յայտնեցին, որ բանտարկութեան փորձը աւելի շատ նման է խօսքի ազատութեան ճնշման, որովհետեւ Բագրատ Եսայեանը ձերբակալած էին պատկերասփիւռի կայանէն:
Բագրատ Եսայեանը ազատ արձակելու ընթացքին, դատարանին մօտ սպասողները վստահութիւն յայտնեցին, որ անոր նկատմամբ ներկայացուած բանտարկութեան միջնորդութիւնը ապօրինի էր:
Միւս կողմէ, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութիւնը տեղեկացուց, որ դատարանը չէ բաւարարած միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանը բանտարկելու միջնորդութիւնը, առ այդ, ան եւս ազատ արձակուեցաւ:
