
Նիւ Ճըրզիի գաղութը 200 ներկաներով տօնեց 28 Մայիս 1918ի Մայիսեան փառաւոր յաղթանակը, հայոց պետականութիւնը եւ Հայաստանի անկախութիւնը: Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»ին կազմակերպած այս ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ 4 Յունիսին, Ռիճֆիլտի կեդրոնին մէջ, գաղութին ներկայացուց յետ պատերազմ Արցախի մէջ իրագործած իր ծրագիրները եւ մօտ ապագային կատարուելիք աշխատանքները: Գաղութը իր բարոյական նեցուկը յայտնեց «Դիմադրութիւն» շարժումին, ըսաւ ԱՅ՛Ո Դիմադրութեան եւ Ո՛Չ Արցախի հայաթափումին. բարոյականի կողքին, նիւթականով նաեւ մասնակից դարձան ներկաները «Արցախ Ֆոնտ»ի ծրագիրներուն: Մթնոլորտը յուզիչ էր. բայց միաժամանակ վճռակամ եւ պատրաստ ՝ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել մեր հայրենիքը եւ անկախ զոյգ հանրապետութիւնները:
ՀՄԸՄի սկաուտական կազմի դրօշակակիրներու մուտքով եւ Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, օրուան հանդիսավարը՝ «Արցախ Ֆոնտ»էն Փօլին Տոսթումեան կատարեց բացման խօսքը:
«Այսօրուան ձեռնարկը կազմակերպած է Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»ը՝ տօնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 104րդ ամեակը եւ միասնաբար զօրակցելու Արցախին: Շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար», ըսաւ ան:
Ապա երիտասարդութեան խօսքը անգլերէնով փոխանցեց Նայիրի Տիրացուեան, որ անդրադարձաւ Սարդարապատի երգի տողերուն ընդմէջէն փոխանցուած պատգամին՝ «երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար»: Ան վերահաստատեց երիտասարդութեան հաստատակամ երթը Հայ Դատին բոլոր կարելի միջոցներով պայքարելու, գիտակից իրեն կտակուած պարտականութեան՝ «սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:
Օրուան հիւր պատգամաբերն էր Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի «Արցախ Ֆոնտ»ի պատասխանտու եւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ՝ Սեպուհ Հացագործեան, որ power point-ի միջոցով հետաքրքրական կերպով
ներկայացուց «Արցախ Ֆոնտ»ի յետ պատերազմ իրականացուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ ապագայ ծրագիրները Մարտունիի սահմանամերձ գիւղերուն համար: Ան հաստատեց, որ մեր բռնագրաւուած հայրենի հողերու ազատագրումը միակ միջոցն է ապահովելու մեր հայրենի պետականութիւնը եւ զոյգ հանրապետութիւններու անկախութիւնը: «Վստահ ենք որ Շուշին դարձեալ հայութեամբ պիտի շնչէ. մանուկներու ժպիտը դարձեալ պիտի վերադառնայ եւ Ղազանջեցոց եկեղեցւոյ զանգակները դարձեալ պիտի ղօղանջեն» ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Մենք յանձնուելու իրաւունք չունինք. մենք ձախողելու իրաւունք չունինք, որովհետեւ եթէ ձախողինք՝ կը կորսնցնենք մեր հայրենիքը. եկէք սկսինք այսօր, յաջողցնենք այս ձեռնարկը, հետեւաբար կը յաջողին Արցախի մեր ծրագիրները եւ այդպիսով գիւղացին կը մնայ իր հայրենի հողին վրայ. Արցախը կը մնայ հայ եւ կը գոյատեւէ»։

Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան օրհնեց սեղանը եւ փոխանցեց իր քաջալերանքի խօսքը «Արցախ Ֆոնտ»ի ծրագիրնրուն:
Արցախի Աղաւնոյ գիւղի գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան արձանագրուած տեսերիզով մը հանդէս եկաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ Ֆոնտ»-ին եւ փոխանցեց իր վճռակամութիւնը մնալու հայրենի հողին վրայ, չյանձնուելու, եւ միասնական ջանքերով հասնելու մեր ծրագիրներու իրագործման: Հացագործեանի շահեկան ներկայացումը եւ Չաւուշեանի պատգամը ներկաները քաջալերեց նիւթապէս մասնակցելու «Արցախ Ֆոնտ»ի ծրագիրներու իրականացման եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Գէորգ Արթինեանի եւ իր նուագախումբի առաջնորդութեամբ հայրենասիրական երգերու երեկոն շարունակուեցաւ որուն ընթացքին նուիրատուութիւններու ընդհանուր գումարը անցաւ 40 հազար տոլար:
(Թղթակից)