«Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Ա. խմբակի 2րդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն գծով կատարուած Սկովտիա-Հայաստան հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ «Հեմփթըն-Փարք» դաշտին մէջ, աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Հայաստան, որ զտումի առաջին մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, այժմ երկու մրցումէ ունի երեք կէտ:
Շաբաթ, 11 Յունիսին, Հայաստան պիտի կատարէ իր երրորդ մրցումը, երբ Լեհաստանի մէջ պիտի ճակատի Ուքրանիոյ դէմ: