Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6ին, բացումը կատարուեցաւ «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանի 2006-2007տարեշրջանին, ներկայութեամբ նոր, վերադարձող եւ նախկին աշակերտներու, ինչպէս նաեւ ծնողներու, ուսուցիչներու, տնօրէնութեան, հոգեւոր հովիւներու եւ գաղութի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն:
Բացման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը, որմէ ետք Աշակերտական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ օդ արձակուեցան եռագոյն փուչիկներ:
Վերջապէս, բացման խօսքերէն եւ մաղթանքներէն ետք տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպա ողջունեց աշակերտութիւնը եւ բարի երթ մաղթեց, որմէ ետք աշակերտները դասարան ուղղուեցան:
Յայտնենք, թէ այս տարի վարժարանը օժտուեցաւ համակարգչային կեդրոնով մը, շնորհիւ «Գարոլայն» հաստատութեան մէկ նուիրատուութեան, իսկ վարժարանին շրջանաւարտից միութեան ջանքերով կարելի եղաւ մանկամսուրին համար նոր խաղավայր մը ապահովել:
Աւելցնենք, թէ Սեպտեմբեր 16ին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անձամբ այցելեց վարժարան, բարի երթ մաղթելով 2006-2007 կրթական տարեշրջանին:
Նկարին մէջ, դպրոցին աշակերտները բացման արարողութեան ընթացքին: