ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Գիւղական շրջաններու տրուած այցելութիւն մը, յատկապէս ձմրան եղանակին, մեր աչքերուն առջեւ կը պարզէ ձիւնածածկ կտուրները, մասնաւորաբար երկթեք տանիքներով տուներու, որոնք համատարած սաւանը իրենց վրայ քաշած՝ ցուրտի զգացումով հիանալի տեսարան կը ներկայացնեն: Կարմիր կղմինտրներով եղբայրացած գիւղը ձիւնին պատճառաւ յանկարծ քոյրաբար սպիտակ կը դառնայ, կուսութեան մաքրամաքուր ամբծութեամբ պարուրելով ամբողջ տարածքը:
Նախնական պայմաններով ապրող գիւղերու մէջ, մինչեւ հիմա նշմարելի է, որ ձիւնը դադրելէն անմիջապէս ետք, տանտէրները կը բարձրանան տանիք՝ կարելի եղածին չափ գետին թափելու համար կտուրին նստած ձիւնը: Տափարակ տանիքներու պարագային, աւելի դիւրին այս աշխատանքը, երկթեք տանիքներով տուն ունեցող տանտէրներուն համար տաժանելի եւ երբեմն վտանգաւոր գործ է, որովհետեւ մաքրութեան յատուկ ձողերով ձիւնը վար քաշելու ընթացքին կրնայ տանտիրոջ վրայ մեծ քանակութեամբ թափիլ, ձիւնին տակ թաղելով ենթական:
Ձիւնի առատութիւնը եթէ այցելուներուն համար հաճելի փոփոխութիւն մը կը ներկայացնէ, գիւղացիներուն համար, որոնք միանուագ կերպով ամբողջ ձմրան ընթացքին կը մնան տեղումներու տակ, երբեմն ձանձրացուցիչ կ՛ըլլայ: Միւս կողմէ, գիւղացիներ իրենք յաճախ կը դժգոհին, երբ պատահի, որ տարի մը ձիւն քիչ տեղայ…: «Աստուծոյ օրհնութենէն զրկուեցանք այս տարի», «Աստուած մեզ մոռցաւ օրհնել այս տարուան համար» եւ նման արտայայտութիւններով իրենց «բողոքը» կը յայտնեն գիւղացիներ, երբ ձիւնը թեթեւ տեղայ, կամ կլիմայական պայմաններու բերումով երբեք չտեղայ:
Աստուծոյ օրհնութիւնը խորհրդանշող երկնային այս պարգեւը՝ ձիւնը, բնութեան հրաշալիքներէն է, որուն համատարած ճերմակին տակ ծառ ու ծաղիկ ժամանակաւորապէս կը քնանան, սակայն գարնան ձիւնհալին հետ իր ներկայութիւնը անգամ մը եւս կը յայտնէ աւիշը, որ լուռ ու մունջ կը գործէր ծառերուն մէջ, եւ որուն պատճառով կանաչ տերեւները դարձեալ կը ցցուին ճիւղերուն վրայ: Կանաչազարդ բնութեան այս տեսարանին դիմաց յանկարծ կը մոռցուի ձմրան ցուրտը, ձիւնին պատճառած հանդարտութիւնն ու լռութիւնը, երբ դարձեալ կը սկսին ճռուողել թռչունները ու օրն ու բուն աշխատիլ մրջիւնները, դուրս գալով իրենց պարսպապատ գետնափորերէն:
Տանիքին վրայ ձիւնի առատութիւնը գրական լեզուի արտայայտութիւններէն մէկն է, որ կը խորհրդանշէ տարեց մարդոց իմաստութիւնը՝ ալեհեր գլուխով ծանրաբեռն: Անշուշտ, ներկայ ժամանակներուն, երբ համացանցային համապատասխան հասցէներուն վրայ նոյնիսկ պատանիներու մատնահպումով ստացուած պատասխանները կը զարմացնեն տարեց սերունդը, սակայն անոնք գիտեն, որ տրուած պատասխանները ամբողջական գիտութիւնը չեն փոխանցեր, որովհետեւ քիչ անդին սեղմուած այլ հասցէ մը կրնայ ճիշդ հակառակ պատասխանը տալ նոյն հարցումին…։ Ուրեմն, ուսումն ու կրթութիւնը անհրաժեշտ են գիտութիւն ապահովելու, եւ տարինե՜ր պէտք են գիտութիւն ամբարելու համար: Ահա այս պատճառաւ դասախօսներու օժանդակութեան կը դիմեն երիտասարդ ուսանողներ, օգտուելու անոնց տարիներու փորձառութենէն եւ արժանահաւատ գիտութենէն:
Տանիքի վրայ ձիւնի առատութիւնը նաեւ կամքի խորհրդանշան է: Կամքի տկարութիւնը յաճախ ձախորդութիւններու դուռ կը բանայ, դժբախտացնելով մարդ էակը:
Որքա՛ն շատ կամ պիրկ է կամքդ, այնքան աւելի՛ հնարաւորութիւն ունիս յաջողելու: Կամքդ, այս պարագային, տանիքիդ վրայ կուտակուած առատ ձիւնն է, սակայն լայն ու ընդարձակ կտուրով պայմանաւորուած: Որքա՛ն տանիքդ փոքր ու նեղ ըլլայ, ա՛յնքան աւելի քիչ պիտի կուտակուի ձիւնը անոր վրայ: Ուրեմն, յաջողութեանդ գաղտնիքը տանիքիդ ընդարձակութիւնն է, այսինքն՝ կամքիդ շատութիւնը:
Նիւթական յաջողութիւններ ձեռք բերելու համար խաբեբայութեան եւ աւազակութեան դիմողներուն թիւը քիչ չէ ներկայ ժամանակներուն: Յատկապէս երիտասարդ սերունդի պատկանողներ զանազան միջոցներ կը փորձեն՝ խաբելու միամիտները, օգտուելու համար անոնց ունեցուածքէն եւ շուտով հարստանալու: Անարդար եղանակով հարստացողներ, նոյնքան դիւրութեամբ ալ կ՛աղքատանան, նախ որովհետեւ ճակտի քրտինքով շահուած չէ իրենց ունեցուածքը, եւ երկրորդ, դիւրաւ շահած ըլլալով այդ գումարները, բնականաբար արժէքը չեն գիտնար այդ հարստութեան: Իւրաքանչիւր մարդ օժտուած է «միտքի տանիք»ով, որ ոմանց պարագային ընդարձակ տարածք է, իսկ ուրիշներու՝ նեղ ու փոքր: Որքան ընդարձակ է միտքիդ տանիքը, այնքան աւելի շատ ձիւն կը նստի այնտեղ, այսինքն այնքան աւելի շատ դրամ շահելու կերպերը կրնաս ծրագրել, անշուշտ արդար վաստակի տիրանալու համար:
Կեանքը անել կացութիւններու դիմաց կը դնէ մեզ յաճախ: Լայն ու ընդարձակ տանիքը նաեւ խորհրդանիշ է սեփական ճարտարութեան: Վստահաբար դուք ալ հանդիպած էք այնպիսի մարդոց, որոնք ամէնէն դժուար կացութիւններու համար յանկարծ վճռորոշ լուծումներ կ՛առաջարկեն՝ զարմացնելով անել դրութեան մատնուած հաւաքականութիւններ կամ անհատներ: Ուրեմն, որքան «ճարտարութեան տանիքդ» լայն ու ընդարձակ ըլլայ, այնքան աւելի առատ ձիւն կ՛ունենաս անոր վրայ: Այսինքն՝ ելքերու հնարամտութիւններդ բազմատեսակ ու աւելի տրամաբանական կ՛ըլլան:
Կան ձիւնածածկ տանիքներուն նայող, սակայն անոնց պաղութենէն յուսահատող մարդիկ ալ, որոնք արեւուն ջերմութեան կարօտով կ՛անցընեն ամբողջ ձմեռը: Բարոյագիտութիւնը զանոնք հոգեկան կարճատեսութեամբ կը նկարագրէ, որոնց համբերութիւնը շատ կարճ է, իսկ տեսողութիւնը՝ մինչեւ քիթին ծայրը: Անոնք չեն կրնար համոզել իրենց անձը, որ տարին չորս եղանակներ ունի, եւ անպայման ձմրան պիտի յաջորդէ գարունը եւ ապա ամառը:
«Ձիւնածածկ տանիք»ին ընդարձակութենէն կախեալ է ամէն ինչ: Կամքդ, խելքդ եւ ճարտարութիւնդ աստուածային շնորհքներ են, սակայն անոնց ճշգրիտ հունաւորում տալը առաւել շնորհք մըն է, որուն օգտագործումեվ ի զուր չեն վատնուիր երկնատուր այս պարգեւները: Բնականաբար իր իւրաքանչիւր կարողութեան մարդ կրնայ դրական կամ ժխտական թեքում տալ: Այսպէս, իմաստութեան չարաշահումը մարդը կը տանի խորամանկութեան եւ խաբեբայութեան, որմով կը յաջողի այլոց ուշադրութիւնը շեղել պահ մը, իրագործելու համար իր չար նպատակը:
Կեանքի ընթացքին շատեր վստահած են իրենց հետ մտերմութիւն ըրած անհատներու, որոնք իրենց ամբողջական վստահութիւնը շահած են տարբեր միջոցներով: Խոնարհութիւնը, ծառայական մօտեցումը, պատրաստակամութիւնը եւ ցուցաբերուած սէրը միշտ գնահատելի, գործնական արտայայտութիւններ են: Սակայն վերոյիշեալներուն չարաշահումը կամ կեղծ օրինակները ունին ամբողջովին տարբեր նպատակ եւ ուղղուածութիւն, որոնք իսկական թակարդ կը հանդիսանան անկեղծ մարդոց ոտքերուն առջեւ:
«Ձիւնածածկ լայն տանիք» ունենալը բաւարար չէ, այլ պէտք է նաեւ ձիւնի նման մաքուր նկարագիր ունենայ մարդ, որպէսզի կարենայ լաւագոյնս օգտուիլ աստուածապարգեւ «ձիւն»էն, յարատեւօրէն ջանալով ընդարձակել իր «տան տանիք»ը: