ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ»- 18 Մայիսը կը նշուի՝ իբրեւ թանգարաններու միջազգային օր, որուն առիթով Արցախի մէջ գործող թանգարաններուն մէջ կազմակերպուեցան զանազան ցուցադրութիւններ: Անոնցմէ մէկն էր Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի՝ «Հադրութ. բռնագրաւուած յուշարձաններ» խորագիրով ցուցադրութիւնը, ուր լուսանկարներով կը ներկայացուին Հադրութի տարածքին մէջ գտնուող յատկանշական յուշարձանները:
Ցուցադրութեան բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Անահիտ Յակոբեան, Հադրութի շրջանի հոգեւոր հովիւ Մաթէոս քհնյ. Դեւաւենց, նախարար Անահիտ Յակոբեան, խորհրդական Մելանիա Բալայեան, «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութեան» տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան եւ Մեծ Թաղերի Արմենակ Խանփերեանցի անուան թանգարանի վարիչ Արծիւ Լալայեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.