ՀԱՅ ԴԱՏԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԼԻՆ ԹՐԷՅՍԻԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30րդ յոբելենական տարեդարձին առիթով, 29 Ապրիլին, «Արմէնփրէս»ին յատուկ հարցազրոյց տուաւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի, որ խօսեցաւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին իրավիճակներուն վերաբերող իր երկրի դիրքորոշումներուն, Արցախի տագնապին եւ անոր լուծման գծով կեցուածքին մասին:
Արցախի տագնապին մասին խօսելով՝ դեսպանը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ կարծել, թէ տարածաշրջանի խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարեկեցիկ ապագային համար առանցքային է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապ ունեցող կամ անկէ բխող բոլոր չկարգաւորուած հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորումը: «Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը առանցքային գործօն է, սակայն այս նպատակին հասնելու համար միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ սկզբունքը չէ, իսկ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման պարունակին մէջ Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ, կը ճանչնայ Արցախի բնակչութեան դերակատարութիւնը իր ապագան որոշելու հարցին մէջ»:
Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը այն է, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ չլուծուած, իսկ տեւական լարուածութեան պատճառ դարձող եւ 2020ին ռազմական գործողութիւններու յանգեցուցած հարցերը պէտք է կարգաւորուին բանակցութիւններու միջոցով եւ համապարփակ լուծումով՝ հիմք ընդունելով տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ուժ չկիրարկելու միջազգայնօրէն ճանչցուած սկզբունքները: «Մենք կը խրախուսենք շարունակել խաղաղութեան բանակցութիւնները եւ պատրաստ ենք ներգրաւուելու երկկողմանի ձեւաչափով եւ համախոհ գործընկերներու հետ, որոնց կարգին՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահ», դիտել տուաւ դեսպան Թրէյսի:
Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու ծնողներուն հետ ունեցած իր հանդիպումին եւ ընդհանրապէս այս հարցին մասին խօսելով՝ դեսպան Թրէյսի նշեց, որ 29 Մարտին հանդիպում ունեցած է 2020-2021 թուականներուն գերի ինկած զինուորներու պարագաներուն հետ՝ անհետ կորսուածներուն ծնողներուն ներկայութեամբ: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք ազատ արձակելու բոլոր բանտարկեալները եւ նկատի ունենալով հարազատներու գտնուելու վայրին եւ ճակատագիրին մասին տեղեկութիւններ չունեցող ընտանիքներուն ցաւը՝ բազմապատկել ջանքերը անյայտ կորսուած զինուորներուն մասին (որոնց կարգին 1990ականներէն) տեղեկութիւններ ձեռք բերելու նպատակով», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը ի՞նչ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու լուծման նպատակով ընթացք առած բարձր մակարդակի երկխօսութեան եւ տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի եւ տնտեսական հաղորդակցութեան ապաշրջափակման վերաբերող բանակցային գործընթացին նկատմամբ՝ դեսպանը յայտնեց, որ կ՛ողջունէ վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի 6 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը՝ իբրեւ դրական պահ՝ նախապատրաստելու խաղաղութեան բանակցութիւններու եւ կազմելու երկկողմ յանձնաժողով՝ սահմանազատման հարցով: «Թոյլ տուէք ընդգծելու, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ, ժողովրդավար եւ բարեկեցիկ ապագայի կերտման: Ասիկա նաեւ կը ներառէ ուղիղ կապի գործող գործիքակազմերու օգտագործումը՝ գտնելու համապարփակ լուծումներ բոլոր չկարգաւորուած հարցերուն եւ բնականոնացնելու յարաբերութիւնները՝ խաղաղութեան համապարփակ համաձայնագիրի ստորագրումով: Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի այս ջանքերուն, նաեւ՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահի կարգավիճակին մէջ՝ տեւական եւ համապարփակ խաղաղութեան հարցով այդ երկիրներուն օգնելու նպատակով», ըսաւ ան:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ ընթացք առած նոր երկխօսութեան եւ այս գծով՝ Միացեալ Նահանգներու տեսակէտին մասին խօսելով, Թրէյսի հաստատեց, որ իրենք կը սատարեն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութեան, որ կրնայ յանգեցնել այս երկու դրացի պետութիւններու յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ արդիւնք մը, որ կարեւոր է այս երկու երկիրներուն ապագային եւ Կովկասի մէջ կայունութեան համար: «Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը վաղուց ի վեր եղած է եւ կը մնայ այն, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու եւ առանց այլ հարցերու», նշեց ան՝ աւելցնելով. «Մենք կը սատարենք Հայաստանի կառավարութեան ջանքերուն, որոնք միտուած են հայ ժողովրդի՝ ժողովրդավարական հաստատութիւններու, մարդու իրաւունքներու ու աշխատանքի պաշտպանութեան, ապահովութեան, ներառական տնտեսութեան եւ իրաւունքի գերակայութեան վերաբերեալ ակնկալիքներու իրագործման»:
Հայաստանեան ներքին կեանքին անդրադառնալով՝ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նշեց, որ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները Հայաստանին տրամադրած է շուրջ 3 միլիառ տոլար՝ Հայաստանի մէջ մարդոց կեանքը բարելաւելու նպատակով: 2018ի իշխանափոխութեան յաջորդած տարիներուն Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) աջակցութիւնը՝ Հայաստանին, աւելցաւ 88 տոկոսով, իսկ 2018ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներու դէպքերէն ետք Միացեալ Նահանգները եղաւ առաջին պետութիւնը, որ ընտրական աջակցութիւն ցուցաբերեց Հայաստանին: «2021ին, ամերիկեան կառավարութիւնը 76 միլիոն տոլար յատկացուց հրատապ կարիքներու, տնտեսական ապահովութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ կառավարման, ապահովութեան, ընկերային եւ մարդու իրաւունքներու ծրագիրներու իրականացման համար», դիտել տուաւ ան:
Թրէյսիի դեսպանին գործունէութեան եւ յայտարարութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւն մը հրապարակեց Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը՝ նշելով, թէ Հայաստանի մէջ իր առաւել քան եռամեայ դիւանագիտական ծառայութենէն ետք, Թրէյսի դարձեալ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբէն ստացած է F (failure/ձախողութիւն) գնահատականը:
«Առաջին անգամ Դեկտեմբեր 2020ին, Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ խնդրելով վերանայիլ դեսպանին դիւանագիտական գնահատականը՝ նկատի ունենալով 15 ոլորտներու մէջ անոր ձախողութիւնները: Անցնող գրեթէ մէկուկէս տարիներուն նոյնպէս դեսպան Թրէյսի, ի թիւս այլոց, ձախողեցաւ հայ ժողովուրդին համար խիստ կարեւորութիւն ունեցող այնպիսի բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ արցախցի տեղահանուած անձերուն համար ամերիկեան օժանդակութեան բացակայութիւնը, հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ նախընտրած ուժեր ունենալը, Հայաստանի ապահովութեան եւ տարածաշրջանային յարաբերութիւններու շարունակական բարդացումը, հայ ռազմագերիներու անօրինական բանտարկութիւններուն, բռնութիւններուն եւ սպանութիւններուն պատշաճօռէն չանդրադառնալը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ
Այս առիթով Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան ըսաւ հետեւեալը. «Ինչպէս նախապէս ըսած եմ՝ Հայ Դատի յանձնախումբը կը փափաքի, որ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր դեսպան ըլլայ յաջողակ: Դժբախտաբար, դեսպան Թրէյսի իր լռութեան աւելցուց 44օրեայ պատերազմին առաւել քան 90,000 տեղահանուած արցախահայերու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ ատրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններու նկատմամբ անխոհեմ արհամարհանքը: Հայաստանի մէջ դեսպանի պաշտօնին վրայ իր պաշտօնավարման երեք տարինեռը աւարտելէ ետք, դեսպան Թրէյսի կը շարունակէ ձախողիլ հարց առ հարց՝ շատ հեռու ըլլալով Հայաստանի մէջ ամերիկեան յանձնառու դեսպանի հիմնական մասնագիտական որակներէն»:
Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակը դիտել կու տայ, որ՝ իբրեւ կանոն, Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակիցները երեք տարին անգամ մը վերաորակաւորումի կ՛ենթարկուին եւ կը ստանան նոր դիւանագիտական յանձնարարութիւն: «Քանի որ Հայաստանի մէջ գործող դեսպանին երեք տարին արդէն լրացած է, Հայ Դատի յանձնախումբը նախագահ Պայտընի վարչակազմին կոչ կ՛ուղղէ՝ ամուր հիմքերու վրայ վերականգնելու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութիւնները՝ առաջադրելով նոր դեսպան: Յանձնախումբը սերտօրէն կը գործէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին հետ՝ երաշխաւորելու համար, որ յաջորդ դեսպանը անյապաղ հաստատուի եւ իրապէս արտացոլէ ամերիկեան արժէքները»:
18 Մայիսին, «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նոյն օրը Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի յայտարարութեան՝ խոր ափսոսանք յայտնելով այդ մասին: «2018 թուականին հայ ժողովուրդը գնաց լաւ կեանքի սուտ խոստումների հետեւից, ոչ թէ Արցախի կորստի ու արիւնալի պատերազմի: Գնաց աւելի ժողովրդավար պետութիւն ստեղծելու, ոչ թէ բռնապետութիւն հաստատելու եւ ժողովրդավարութիւնը բռնաբարելու յետեւից: Ինչ վերաբերում է 2021 թուականի ընտրութիւններին, յիշեցնում եմ ձեզ յարգելի դեսպան, հայ ժողովուրդը Նիկոլին Արցախը զիջելու եւ առհասարակ երկիրն նոր զիջումների տանելու մանդատը չի տուել», ըսաւ ան:
Առիթէն օգտուելով՝ Սաղաթէլեան վերահաստատեց, որ Ռուսիա Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցն է, իսկ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութեան երկիրները՝ կարեւոր գործընկերները: Ան կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ վերջ տալու երկակի չափանիշներուն՝ շեշտելով. «Դուք լռել էք երբ օրուայ իշխանութիւնը շրջափակում էր դատարանները, դուք լռում էք տասնեակ քաղբանտարկեալների դէպքում, դուք այսօր լռում էք, երբ ոստիկանութիւնը ժողովրդի նկատմամբ կիրառում է բռնի եւ անհամաչափ ուժ, դուք ձեր լռութեամբ նպաստում էք, որ Հայաստանում լինի բռնապետութիւն»:
Այս եւ մնացած բոլոր նիթերուն անդրադառնալով՝ Սաղաթէլեան յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են հանդիպիլու Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն հետ եւ աւելի մանրամասն կերպով ներկայացնելու իրավիճակը: