
ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Մայիսին, Դիմադրութեան շարժումը Երեւանի փողոցներուն մէջ տարբեր ուղղութիւններով իրազեկման անհնազանդութեան ինքնաշարժներով երթ կատարեց` հայրենասիրական երգերու ընկերակցութեամբ, փակելով կարգ մը խաչմերուկներ։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեան վստահեցուց որ պիտի պայքարին մինչեւ վերջ, մինչեւ կարելի ըլլայ ունենալ հայու հայրենիք` առանց կաշկանդումներու եւ ճնշումներու` աւելցնելով, որ այս իշխանութեան հեռացումով եւ միասնակամութեամբ կարելի է հասնիլ այս նպատակի իրականացման։
Նոյն օրը երեկոյեան, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Դիմադրութեան շարժման հանրահաւաքը: «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, թէ այնքան ատեն որ այս իշխանութիւնը կայ՝ կարելի չէ բնականոն կեանք ունենալ` շեշտելով, որ պետական համակարգը պէտք չէ ծառայէ այս իշխանութեան։ Ան հաստատեց, որ անհնազանդութեան շարժումները պիտի շարունակուին մինչեւ որ հասնին այնպիսի տարողութեան, որ ժողովուրդին ցասումը այլեւս կարելի չըլլայ կասեցնել։
Ապա ցուցարարները կատարեցին Սայաթ Նովա-Աբովեան փողոցներով․ թէեւ ոստիկանութիւնը փորձեց փակել Աբովեան փողոցը, որպէսզի շարժման մասնակցողները մուտք չգործեն Հանրապետութեան հրապարակը, սակայն երթը շարունակուեցաւ, եւ անոր մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակէն ուղղուեցան Վազգէն Սարգսեան փողոցը, ուր կը գտնուին Գլխաւոր դատախազութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքերը։
Նախարարութեան շէնքին կը հսկէին վահաններով եւ սաղաւարտներով զինուած ոստիկանները: Երթին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Երեւանի քաղաքապետարանը, ուր Սաղաթէլեան կոչ ուղղեց՝ առանց զիրար հրելու` ձեռքերով շղթայ կազմելու եւ շրջափակելու քաղաքապետարանի շէնքը։
Դիմադրութեան շարժման մասնակցողները շրջափակեցին Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքը․ վիճակը լարուեցաւ, երբ մեծ թիւով ոստիկաններ հաւաքուեցան քաղաքապետարանին մօտ եւ քաշքշուք սկսաւ:
Ցուցարաները փակ պահեցին քաղաքապետարանի դռները` հակառակ ոստիկաններուն սադրած բախման։ Շուրջ մէկ ժամ, Երեւանի քաղաքապետարանի 4 մուտքերը շրջափակուած պահելէ ետք, ցուցարարները ուղղուեցան Ֆրանսայի հրապարակը, ուր, հակառակ յորդառատ անձրեւին, տեղի ունեցաւ բազմամարդ հանրահաւաք։
Սաղաթէլեան ըսաւ, թէ առաջին անգամ ըլլալով շրջափակած են պետական շէնքերէն մէկը` Երեւանի քաղաքապետարանը, աւելցնով, որ կարգով պիտի շրջափակեն նման կառոյցներ, մինչեւ հասնին հոն, ուր երկրին մէջ ստեղծուի լիարժէք երկիշխանութիւն։ Ան շեշտեց, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ ծաւալած պայքարին զուգահեռ բուռն քայլեր եւ գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան նաեւ Սփիւռքի մէջ։ Ապա ան ներկայացուց 12 Մայիսի շարժումներու ծրագիրը։