
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Այս տարուան նախնական եւ ընդհանուր ընտրութիւններու սեմին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ գործի լծած է իր «ՀայՎոթց» ենթայանձնախումբը, քաղաքական կեանքին մէջ շրջանի հայութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը բարձրացնելու նպատակով։
«Վերջին տասնամեակին, «ՀայՎոթց» նախաձեռնութիւնը յատկանշական աշխատանք տարած է հայութիւնը քաղաքացիական աշխուժութեան մղելու գործին մէջ։ Այս տարի եւս մեր համայնքը առիթը ունի իր ձայնը յստակօրէն լսելի դարձնելու, շարք մը կարեւոր ընտրութիւններու ընթացքին, որոնց՝ իւրաքանչիւր հայու նուազագոյն պարտականութիւնն է մասնակցիլ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։
«ՀայՎոթց»ը արդէն սկսած է տեղական կազմակերպութիւններու հետ շփումներ ունենալ եւ ծանօթացման հաւաքներ կազմակերպել՝ յատկապէս մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող շրջաններու մէջ։
«ՀայՎոթց»ը սկսած է գործել 2012ին, հայ համայնքը ընտրական գործընթացին մասնակից դարձնելու նպատակով։ «ՀայՎոթց»ի հիմնական նպատակն է՝ արձանագրել քուէարկողներ եւ քաջալերել անոնց, որ մասնակցին ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն վերաբերող կարեւոր եւ անկողմնակալ տեղեկութիւնը հասանելի դարձնել համայնքին։ «ՀայՎոթց»ը ցարդ առաւել քան 50,000 հայ քուէարկողներ արձանագրած է։
Կամաւորներ, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս աշխատանքին կրնան այցելել կայքէջը։