ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 26ին Ազգային ժողովը աւարտեց քառօրեայ նիստերու աշխատանքը՝ առկախ ձգելով նոյն օրը քննարկուած մէկ տասնեակ օրինագիծերու եւ օրէնսդրական փաթեթներու ընդունումը:
Հասարակութեան եւ պետութեան կարիքներու համար սեփականաշնորհման վիճայարոյց օրէնսդրական փաթեթի քննարկման կը մասնակցէին մէկ ու կէս տասնեակ պատգամաւոր՝ մեծամասնութիւնը ընդդիմութենէն եւ «ՄԱԿ» խմբակցութենէն, սակայն յաջորդ հարցերը ներկայացուեցան գրեթէ դատարկ դահլիճի մէջ՝ առանց քննարկումի:
Քննարկուած բոլոր հարցերու քուէարկութիւնները տեղի պիտի ունենան յաջորդ լիագումար նիստին: