ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կլենտէյլի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ, 20 Ապրիլին, Կլենտէյլի ներկայ եւ նախկին քաղաքապետներուն ի պատիւ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ աւելի քան 120 անձերու։
Հանդիսավար Ռանի Ղարիպեան նախ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեանը, որ իր պատգամը փոխանցէ, որմէ ետք Ղարիպեան դրուատիքի իր խօսքերը հասցէագրեց ձեռնարկին ներկայ եղող նախկին քաղաքապետներ՝ Վրէժ Աղաճանեանին եւ Արա Նաճարեանին, իսկ նախորդ քաղաքապետ Փօլա Տիվայնին շնորհակալական խօսք ուղղեց ՀՕՄի ներկայացուցիչ Քրիսթին Յովնանեան։
Ղարիպեան նաեւ ողջունեց Կլենտէյլիեւ Լա Քրեսենթայի պաշտօնատարներուն ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկին հովանաւորին՝ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան։
Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց Կլենտէյլի Քաղաքացիական սպասարկութիւններու յանձնաժողովի անդամ Կարօ Ղազարեանը՝ ներկայացնելու նորընտիր քաղաքապետ Արտաշէս «Արտի» Քասախեանը, որմէ ետք Քասախեան ներկայացուց քաղաքի բարգաւաճման համար իր ծրագիրները։
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ շրջանի ՀՅԴի, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան, ՀՄԸՄի, Համազգայինի, ՀՕՄի, Հայ Դատի, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնի, «Ասպարէզ» օրաթերթի եւ ARTN TV կայանի ներկայացուցիչները։