
ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա անկեղծօրէն յառաջ կը տանի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը: Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ Պոլսոյ Սահակ արք. Մաշալեան Հայոց պատրիարքի մասնակցութեամբ կազմակերպուած «իֆթար»ին ընթացքին:
Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն համար նախատեսուած էր այս հաւաքը, որուն շուրջ համախմբուելու հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութիւններու հոգեւոր առաջնորդները: Երեկոյթին մասնակցողներու շարքին էր նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու:
Էրտողան ձեռնուեցաւ պատրիարք հօր հետ եւ ողջունեց անոր ներկայութիւնը: Երեկոյթի տեւողութեան, պատրիարքը առիթը ունեցաւ զրուցելու Չաւուշօղլուի եւ իշխող կուսակցութեան փոխղեկավար Էֆքան Ալայի հետ:
Սեղանակիցներու կարգին էր կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհուրդի անդամներէն տոքթ. Սեւան Սվաճըօղլու:
Էրտողան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ միջազգային հրատապ օրակարգի նիւթերու վերաբերեալ թրքական կողմի մօտեցումներուն, ինչպէս նաեւ Անգարայի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն: Ան այս ամբողջին մէջ կանգ առաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին վրայ:
«Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքներու ազատագրումով՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հնարաւորութիւն մը ստեղծուած է: Մեր դրացի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը անկեղծօրէն յառաջ կը տանինք, որպէսզի այդ հնարաւորութիւնը չմսխուի», նշեց Էրտողան: