ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 14 Ապրիլին հանդիպում ունեցաւ Արցախի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ: Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը յայտնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին հիմնական մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները:
«Մտքեր են փոխանակուել Արցախի ապագայի վրայ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակի ազդեցութեան եւ իշխանութիւնների հնարաւոր անելիքների շուրջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն օրը, Յարութիւնեան այցելեց պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին հետ:
Ան լսեց պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Կամօ Վարդանեանի զեկոյցը՝ շփման գիծի մարտավարական իրավիճակին վերաբերեալ, ապա մանրամասն կերպով անդրադարձաւ հանրապետութեան ռազմաքաղաքական իրավիճակի վերջին զարգացումներուն: Խօսելով ապահովութեան հարցերու մասին՝ Յարութիւնեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ պաշտպանական բոլոր ծրագիրները պէտք է համադրուած ըլլան Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի գործառոյթներուն հետ՝ աւելցնելով, որ գերխնդիրը կը շարունակէ մնալ Արցախի ժողովուրդի խաղաղ եւ ինքնիշխան կեանքի ապահովումը: