Արդարութեան հասնելու մէկ ու միակ ուղի չկայ. ընդհակառակն՝ ոլորապտոյտ են Արդարութեան տանող ճամբաները։ Բայց ինչպէս առածը կը հաստատէ, բոլոր ճանապարհներն ալ Հռոմ կը տանին…
Կարեւորը ճիշդ այդ՝ ուշ կամ կանուխ Արդարութեան հասնելու անխուսափելիութիւնն է։
Ընդհանուր այս օրինաչափութեան կը հետեւի նաեւ ու մանաւանդ 20րդ դարասկիզբին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան նկատմամբ արդարութեան իրագործումը։
Որքան ալ ուրացման ուղիներ որոնէ Ցեղասպանը՝ այս պարագային Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութիւնը, օրինաչափօրէն անխուսափելի են պետականօրէն գործադրուած Հայասպանութեան ճանաչումն ու քաղաքական արդար հատուցումը։
Բայց նաեւ նոյնքան օրինաչափ երեւոյթ է, որ Արդարութեան անխուսափելիութիւնը լաւապէս հասկնալով հանդերձ, աւելին՝ ճիշդ այդ պատճառով նաեւ, Անգարայի վարիչները չեն վարանիր ամէն աղբիւրէ ջուր բերելու, որպէսզի խոչընդոտեն կամ գոնէ ձգձգեն անխուսափելին։
Տարբեր գնահատում կարելի չէ տալ Հոկտեմբեր 12ին Ֆրանսայի խորհրդարանին կայացուցած որոշումին եւ անոր հետեւած թրքական խուճապահար գալարումներուն։
Հայ ժողովուրդին դէմ 1915ին գործադրութեան յանձնուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին ժխտումը օրէնքով պատժելի հռչակող ֆրանսական խորհրդարանին նոր օրինագիծը, անշուշտ, տակաւին ճամբայ պէտք է կտրէ, նախ Ազգային ժողովի Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուի եւ, ապա, կառավարութեան հաստատումին արժանանայ, որպէսզի օրէնքի ու կիրարկման ուժ ստանայ։ Նաեւ օրինաչափ երեւոյթ է, որ այդ ճամբան այնքան ալ հարթ չի թուիր ըլլալ եւ անհաւանական չէ, որ տեղ մը թրքական իշխանութիւնները կարողանան իր սաղմին մէջ խեղդել կամ առնուազն որոշ ժամանակով Ֆրանսայի օրէնսդրական գզրոցներուն մէջ նետել տալ Արդարութեան ծառայող օրէնսդրական այս նախաձեռնութիւնը։ Մտահոգիչ ազդանշաններ արդէն կան եւ բացայայտօրէն Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան ի՛նք անձամբ կը ղեկավարէ ֆրանսական նոր օրինագիծը վիժեցման ենթարկելու Անգարայի ռազմավարութիւնը՝ միակողմանիօրէն հրապարակելով, որ Ֆրանսայի նախագահին հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութեան ընթացքին իբրեւ թէ նախագահ Շիրաք այնքան ալ համամիտ չէ գտնուած նման օրինագիծի որդեգրումին… Այսուհանդերձ՝ Հոկտեմբեր 12ին Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած օրինագիծը յառաջխաղացքի կարեւոր քայլ մըն է Արդարութեան ճանապարհին եւ այդ յաջողութիւնը կը վկայէ նոյնպէս օրինաչափ այն իրողութեան մասին, որ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքները անպայման արդիւնքի կը հասնին, երբ հետեւողական բնոյթ կը կրեն ու նպատակասլաց են՝ թիրախի ճի՛շդ ընտրութեան, թիրախներու յաջորդականութիւնը ճի՛շդ դասակարգելու եւ քաղաքական պահերը նոյնպէ՛ս ճիշդ ընտրելու առումներով։
Անկասկած ինքնին ողջունելի է Ֆրանսայի յանդուգն քայլը։ Հակառակ Թուրքիոյ հետ իր առեւտրատնտեսական սերտ կապերուն, Ֆրանսա իր մէջ բաւարար ուժ գտաւ դարձեալ իր զօրակցութիւնը բերելու Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ կարեւոր այս ոստումին։ «Հայկական հարցին քաղաքական լուծում մը» առաջադրող Եւրոխորհրդարանի Յունիս 1987ի ծանօթ որոշումէն ասդին, Ֆրանսա հետեւողականօրէն տէր կը կանգնի Հայ Դատի պահանջատիրութեան արդարացի լուծման ի խնդիր ուղի հարթելու իր հայասիրական՝ ըստ ամենայնի արդէն պատմական դարձած կոչումին։
Այդպէս էր 1988ին, երբ Ֆրանսա փութաց նախ անվերապահօրէն թիկունք կանգնելու Արցախեան շարժման նորագոյն զարթօնքին, ապա՝ ամբողջական հոգածութեամբ փարելու երկրաշարժի աղէտին զգետնիչ հետեւանքները
դարմանելու միջազգային զօրաշարժին։ Նոյն վարքագիծը վերահաստատուեցաւ 1993ին ու շարունակուեցաւ այնուհետեւ, երբ ԵԱՀԽի, ապա ԵԱՀԿի համանախագահի իր դիրքերէն Ֆրանսա եղաւ առաջիններէն, որ Արցախեան հարցի խաղաղ ու բանակցային կարգաւորման ճակատին վրայ հանդէս եկաւ ի նպաստ Արցախի հայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը եւ Հայաստանի շրջափակման վերացումը նախապայման ընդունելու անհրաժեշտութեան։ Իսկ 1998ի իշխանափոխութենէն ի վեր, երբ ՀՀ իշխանութիւնները պաշտօնապէս իրենց արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութեանց շարքին շեշտեցին Հայասպանութեան միջազգային ճանաչման օրակարգը, Ֆրանսա ոչ միայն հետամուտ դարձաւ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Հայասպանութեան ճանաչումով պայմանաւորելու վարքագծին, այլեւ ահա իր կարգին կ’առաջադրէ օրէնսդրականօրէն պատժելի արարքներու շարքին դասել Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը։
Աւելի՛ն. քաղաքական ի՛նչ ուժ ալ գտնուի իշխանութեան ղեկին, Ֆրանսա հաւատարիմ կը մնայ արդէն պետական քաղաքականութեան ուժ կուտակած իր այս վարքագծին՝ թրքական բուռն հակազդեցութեանց կամ ճնշումներուն տակ ժամանակաւոր տեղատուութիւններ կամ խոտորումներ կատարելով հանդերձ։ Միւս կողմէ, Հայկական հարցի հոլովոյթը, անշուշտ, բաւարար հիմք կու տայ իրատես մնալու եւ մտահան չընելու, որ պետական շահերու հետապնդումը իր օրինաչափութիւնները ունի եւ միշտ չէ, որ Արդարութեան ու Իրաւունքի պաշտպանութեան հունով կ՚ընթանան պետական քաղաքականութիւնները։ Ֆրանսայի կողմնորոշումը, այս առումով, բացառութիւն կազմելու պատճառ չունի։ Հետեւաբար, պահանջատէր հայութիւնը ի՛նք պէտք է կարենայ մղել Ֆրանսայի պետական–քաղաքական ուժերը, որպէսզի թրքական սպառնալիքներու կամ ճնշումներու հետեւանքով հարուած չստանան այն արժէքները, որոնց պահպանումը հիմնական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ նոյնինքն Ֆրանսայի պետական շահերուն համար։ Կը նշանակէ, որ Ֆրանսայի նախագահական մօտալուտ ընտրութեանց առիթը յարմարագոյն պահն է, որպէսզի պահանջատէր հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնող ուժերը համապատասխան զօրաշարժի մղեն ֆրանսական հանրային կարծիքը։
Յատկապէս թրքական իշխանութիւնները խորապէս կը գիտակցին նախընտրական ժամանակները ընդհանրապէս բնորոշող այս օրինաչափութեան եւ, ըստ այնմ, կը փորձեն միեւնոյն խաղականոններով վիժեցնել հայկական պահանջատիրութեան նորագոյն այս յաջողութիւնը։ Պատահական չէ, որ թուրք պետական պաշտօնատարներն ու քարոզչական ողջ մեքենան իրենց «հակայարձակողական» ռազմավարութիւնը կեդրոնացուցած են Ֆրանսայի այսպէս կոչուած «հայկական լոպպի»ին դէմ՝ զայն մեղադրելով, որ իբր թէ կը փորձէ Ֆրանսայի պետական շահերուն «ներհակ» ու ֆրանսեւթրքական առեւտրատնտեսական «սերտ» կապերը հարուածող ուղղութիւն մը պարտադրել… Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութեան «մեղսակցութեամբ»…
Աւելի՛ն. ինչպէս որ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթի 16 Հոկտեմբերի համարով Մուսթաֆա Պալպէյ դիտել կու տայ, թուրքերը նոյնիսկ կը մեղադրեն իրենց սեփական իշխանութիւնները, որ օրին՝ 2006ի Մայիսին, երբ Ֆրանսական խորհրդարանի օրակարգին վրայ բերուեցաւ հրեաներու Ողջակիզման ժխտումը պատժելի համարող օրէնքը հայոց դէմ գործուած Ցեղասպանութեան վրայ եւս տարածելու առաջարկը, անհրաժեշտ լրջութեամբ եւ կարեւորութեամբ աշխատանքի չանցան, որպէսզի կանխեն հայերու «լոպպիինկ»ը։ Թրքական մամուլը մինչեւ իսկ ահազանգ կը հնչեցնէ, թէ հայերու հետապնդած բուն թիրախը ամերիկեան Քոնկրէսն է, որ իր կարգին, յառաջիկայ Նոյեմբերին կայանալիք ընտրութեանց առիթով, իբր թէ «նպաստաւոր» հող դարձած է՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը վերստին Մ. Նահանգներու օրէնսդիրին օրակարգին վրայ բերելու եւ հայերու քուէին կարօտ հանրապետական թէ դեմոկրատ թեկնածուները ի նպաստ հայկական տեսակէտին կողմնորոշելու առումներով…
Օրինաչափ երեւոյթներու շարքին արհամարհելի չէ նաեւ ու մանաւանդ թրքական հակագրոհի ռազմավարութեան այն ուղղութիւնը, որ ֆրանսական նոր օրինագիծին «վտանգաւորութիւն»ը կը փորձէ հիմնաւորել նոյնինքն Թուրքիոյ այսպէս կոչուած «չափաւոր իսլամական» իշխանութիւնը վարկազրկելու եւ իշխանութեան ղեկէն հեռացնելու աշխարհաքաղաքական հաշիւներով։ Ինչպէս որ «Զաման» թերթի Հոկտեմբեր 16ի համարով Պերիլ Տէտէօղլու դիտել կու տայ, Հոկտեմբեր 12ի օրինագիծով (որուն ճարտարապետները, թուրք մեկնաբանի գնահատումով, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին փոքրամասնականութիւնը ներկայացնող ընկերվարական պատգամաւորներն են) ճնշում կը բանեցուի Թուրքիոյ ազգայնական եւ կրօնական արմատական ուժերուն վրայ, որպէսզի ընդհանրապէս Արեւմուտքի դէմ ամբոխային կրքերը բորբոքումի առաջնորդեն եւ ստիպեն Էրտողանի կառավարութեան, որ սառեցնէ Եւրոմիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան վերաբերեալ բանակցութիւնները։ Թուրքիոյ կողմէ նման ծայրայեղական հակազդեցութիւն մը, դարձեալ մեկնաբանին կարծիքով, նախ կ՚օգնէ եւրոպական այն ուժերուն, որոնք Էրտողանի օրինակով զօրաւոր խօսակից ու բանագնաց մը չեն ուզեր ունենալ, ապա՝ կ՚արագացնէ Թուրքիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը, երկրի կառավարական ղեկին բերելով ծայրայեղական ուժերը, որոնք խորապէս հարցականի տակ պիտի դնեն Թուրքիոյ արեւմտեան պատկանելիութիւնը եւ, այդ հիմնաւորումով, պիտի դիւրացնեն Թուրքիան Արեւմուտքէն հեռու պահելու բեմագրութեան իրականացումը։
Ամէն պարագայի, զարգացման ի՛նչ ուղղութիւններ ալ յաջորդեն Հայասպանութեան ժխտումը օրէնքով պատժելի արարք հռչակող Ֆրանսական խորհրդարանի Հոկտեմբեր 12ի որոշումին, պարզ եւ ուսանելի դասը մէկ ու միակ է. հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ պետականօրէն գործադրած ցեղասպանութեան ճանաչումն ու քաղաքական հատուցումը անխուսափելի են։ Մնացեալ բոլոր օրինաչափութիւնները լծորդ են գլխաւոր այս Անխուսափելիին։