
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն նպատակը ամբողջ Քարագլուխը գրաւելը եղած է. Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին այս յայտարարութիւնը կատարեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
«Քարագլխի հիմնական բարձունքը, ամենաբարձր կէտը, գտնւում է մեր վերահսկողութեան տակ, սակայն որոշ կարեւոր բարձունքներ այսօր գտնւում են Ադրբեջանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ», ըսաւ Յարութիւնեան` աւելցնելով․ «Մեր նպատակն է, որ ադրբեջանցիները յետ գնան ելման դիրքեր: Մեր պահանջն ու խնդրանքը խաղաղապահ ուժերին այն է եղել, որ ստատուս-քուոն (նախկին իրավիճակը), որը բխում է եռակողմ յայտարարութիւնից, պէտք է վերականգնուի: Այս պահանջը մենք երբեւէ չենք փոխելու»:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի կողմէ հրահրուած այդ սադրանքի նպատակը առաջին հերթին եղած է ռուսական խաղաղապահ ուժերուն դերակատարութիւնը վարկաբեկելը: «Մենք համարում ենք, որ ռուսական խաղաղապահ ուժերը շարունակում են իրականացնել իրենց առաքելութիւնը, չհաշուած այդ դրուագը», ընդգծեց Յարութիւնեան` զգօնութիւնը բարձր մակարդակի վրայ պահելու կոչ ուղղելով` «մինչեւ պարզ լինի, որ Ադրբեջանը նման սադրանքների էլ չի գնալու»:
«Դրայ համար յետագայում մենք մեր ինքնապաշտպանութեան առումով շատ աւելի արմատական եւ վճռական քայլեր ենք իրականացնելու», եզրափակեց Յարութիւնեան:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը դիտել տուաւ, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրեն վստահուած պարտականութիւնը կատարել։
Ռուսիոյ խաղաղապահներուն կողմէ քսանեօթը դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն կը կատարէ: Կը նշուի, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած: Կ՛ապահովուի Լաչինի միջանցքով Ատրպէյճանի զինուած ուժերու չորս շարասիւներու ընկերակցութիւնը` երկուքը Հիւսիսային եւ երկուքը հարաւային ուղղութիւններով:
Պարեկութիւն կը կատարուի Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի շրջաններուն եւ Լաչինի միջանցքին մէջ:
Ռուսիոյ խաղաղապահներու ապահովութեան հսկելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարներուն հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի։