ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դարձեալ հեռաձայնային զրոյց ունեցան` քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։ Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլինը:
Շարունակուեցաւ միտքերու փոխանակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան պահպանման հարցերուն շուրջ: Հաստատուեցաւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն` 9 Նոյեմբեր 2020ին, 11 Յունուարին եւ 26 Նոյեմբեր 2021ին ստորագրուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները անշեղօրէն իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան` երկու երկիրներու ղեկավարները հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկեցին ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու` Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտի ներխուժման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած լարուած իրավիճակին վերաբերող հարցեր: