ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հոկտեմբեր 23ի լոյս 24ի գիշերը Սիւնիքի մարզի Ագարակ աւանին մէջ Սամուէլ Սպարտակի Աւետիսեանին մեծ քանակութեամբ՝ շուրջ 500 կրամ աֆիոն տեսակի թմրամիջոց փոխանցելու պահուն ձերբակալուած է Մարտիկ Ռեմիկի Գասպարեանը: Նշուած թմրեցուցիչը յայտնաբերուած եւ գրաւուած է վերջինիս անձնական խուզարկութեամբ:
Իրաւապահ մարմիններուն կողմէ կատարուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով Մ. Գասպարեանի ինքնաշարժէն եւ կառատունէն յայտնաբերուած եւ գրաւուած է աֆիոն եւ մարիուանա:
Քննութեամբ յայտնի դարձած է, որ Մ. Գասպարեանէն գրաւուած թմրեցուցիչները ձեռք բերուած եւ մաքսանենգ ճանապարհով Հայաստան տեղափոխուած են Իրանէն:
Ըստ Գլխաւոր դատախազութեան հաղորդագրութեան, սոյն գործի շրջանակներով բացայայտուած է աւելի քան 10 քիլոկրամ աֆիոնի վաճառքի դէպք: