Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ դեմոկրատներ կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նամակով մը դիմած է Քալիֆորնիոյ Օրենճ գաւառի Դեմոկրատ կուսակցութեան, պահանջելով անկէ, որ դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Էրկուն Քիրլիքովալիի հետ հանդիպած եւ անոր հետ սերտ գործակցութիւն հաստատելու պատրաստակամութիւն յայտնած Ըրվայնի քաղաքապետ Ֆարրահ Խանը, որ անդամ է Դեմոկրատ կուսակցութեան։
Կը շեշտուի նաեւ, ու կուսակցութիւնը պէտք չէ զօրակցի քաղաքապետին վերընտրութեան ընտրապայքարին։
Խնդրոյ առարկայ հանդիպումը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 2020ին, սակայն անոր տեսանիւթը վերջերս բացայայտուած է։ 44օրեայ պատերազմին օրերուն տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Քիրլիքովալի նոյնիսկ «կատակած է», թէ «հաճոյքով կը նպաստեն հայերուն անհետացաման»։
Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, թէ Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիս օրին մերժած էր հանդիպում ունենալ Քիրլիքովալի հետ, Ցեղասպանութիւնը ուրանալու անոր բացայայտ կեցուածքին համար։