ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի, հանդիպում ունեցաւ Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։ Ան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ զօրակցութիւն կը յայտնէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն՝ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամային վիճակին գծով:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Քլաար ընդգծեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ մնայուն կարգաւորման կարեւորութիւնը՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանային իրավիճակին, սահմանին ապահովութեան եւ կայունութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն, այս պարունակին մէջ շեշտը դնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացի մեկնարկի անհրաժեշտութեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին՝ Քլաար «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Խոստմնալից է Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջանակում Մեւլուտ Չաւուշօղլուի եւ Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը: Եւրոպական Միութիւնը ամբողջապէս կ՛աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լուծման»:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է վերջին շրջանին զինադադարի խախտումներով եւ Արցախ մտնող կազատարի հարցով: «Վերջին զարգացումները իսկապէս շատ անհանգստացնող են: Վերջին օրերուն ես զրոյցներ ունեցայ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ՝ այս հարցերուն վերաբերեալ: Բնակաբանար, այս խնդիրները կ՛անհանգստացնեն Եւրոպական Միութիւնը: Շատ կարեւոր է, որ (Արցախ մտնող) կազի խողովակը կարելի եղածին չափ շուտ վերանորոգուի եւ կրակոցները դադրին»: