Թուրք գրող, լրագրող Մուրատ Եթքին մեկնաբանեց Թուրքիոյ մէջ գլխաւոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժ հանդիսացող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ Էրտողան Թոփրաքի յայտարարութիւնը՝ Ուքրանիոյ ճգնաժամէն Թուրքիոյ հաւանական օգուտներուն մասին։
«Երկրին համար շատ լաւ պիտի ըլլայ։ Ռուսիայէն փախչող գործարարներու ներդրումները պիտի գան Թուրքիա։ Սակայն, հիմա այն տպաւորութիւնը կայ, որ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երկիրը կը հեռացնէ իրաւական պետութիւն մը ըլլալէ, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ, որ որոշ ներդրողներ հեռու մնան Թուրքիայէն», ըսած էր Թոփրաք։
Եթքին, անդրադառնալով այս խօսքերուն՝ կ՛ընդգծէ, որ ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները կ՛ուզեն գիտալ, թէ արդեօք Ուքրանիոյ ճգնաժամը օգուտ պիտի ըլլայ Էրտողանին։
Թուրք լրագրողը կը նշէ, որ այդ ճգնաժամը ստիպած է միջազգային համայնքը, որ յիշէ Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը, ողջունելով այն իրողութիւնը, որ Անգարա փակած է նեղուցները՝ ռուսական ռազմանաւերուն առջեւ, մինչ Ուքրանիոյ վաճառուած «Պայրաքթար»ները կը նպաստեն Ուքրանիոյ կառավարութեան դիմադրութեան։ Նոյն ժամանակ, Թուրքիա որոշած է օդային տարածքը չփակել Ռուսիոյ առջեւ, մերժելով միանալ Մոսկուայի դէմ սահմանուող տնտեսական պատժամիջոցներուն, որպէսզի Ռուսիոյ հետ իր կապերը չխզուին։
Ըստ Եթքինի՝ Էրտողանի քաղաքական ընդդիմութեան նաեւ կը հետաքրքրէ այն հարցը, թէ արդեօք երկիրը հոսող արտաքին դրամագլուխը Էրտողանը պիտի կրնա՞յ օգտագործել, տնտեսական ճգնաժամէն դուրս գալու եւ 2023ի ընտրութիւններուն առաւելութիւն ստանալու համար։