ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրանի արդիւնաբերութեան, հանքերու եւ առեւտուրի նախարար Ռեզա Ֆաթեմ Ամին կառուցողական նկատեց Հայաստան իր այցելութիւնը՝ նշելով, որ Երեւան եւ Թեհրան միացեալ նախաձեռնութիւններու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Այս մասին «Արմէնփրես»ին յայտնեցին Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանատունէն:
«Մենք նոր համաձայնագիրներ ստորագրած ենք հայ պաշտօնատարներու հետ դեղագործական արտադրութեան եւ կենցաղային ճարտարագիտութեան միացեալ արտադրութեան վերաբերեալ: Միացեալ արտադրութիւնը պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ եւ պիտի արտածուի այլ երկիրներ», ըսաւ Ռեզա Ֆաթեմի Ամին:
Ան դիտել տուաւ, որ իր Հայաստան այցելութեան նպատակը ներդրումներու միջոցով երկկողմանի առեւտրական կապերը ընդլայնելն է: Ռեզա Ֆաթեմի Ամին յայտարարեց, որ Հայաստան ու Իրան համաձայնեցան Հայաստանի մէջ ենթակառուցային նախագիծերու շուրջ:
«Հայաստանի Հանրապետութեան ուժանիւթի նախարար Վահան Քերոբեանի, տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Գնել Սանոսեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետին հետ հանդիպումներուն ընթացքին մենք շարք մը հարցերու շուրջ նախնական համաձայնութիւններ ձեռք բերած ենք, ինչպէս՝ Հայաստանի մէջ իրանեան ընկերութիւններու կողմէ ճամբաներու կառուցումը», ըսաւ նախարարը՝ աւելցնելով, որ իրենք համաձայնած են, որ իրանեան ընկերութիւնները մասնակցին Հայաստանի մէջ տարանցիկ ճամբաներու կառուցման մրցումներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Իրանի դեսպանատունը կը յիշեցնէ, որ Իրանը արդէն պատրաստակամութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ Քաջարան-Սիսիան ճամբու կառուցման հարցին մէջ համագործակցելու:
Դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Իրան Հայաստանի տարածքով Վրաստանին կապող 64 քիլոմեթրնոց ճամբու կառուցումը Իրանի՝ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցք գործարկելու նախագիծին մէկ մասն է՝ յիշեցնելով, որ Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցային միջանցքը 7200 քիլոմեթր երկարութեամբ ծովային, երկաթուղային եւ ինքնաշարժներու հաղորդակցութեան ճամբաներու ցանց է, Իրանի, Հնդկաստանի, Աֆղանիստանի, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ բեռնափոխադրումներու համար: