ԿԱՐԱՊԵՏ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակին՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձուներէն՝ Րաֆֆի սրկ. Քիւրքճեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
Թող բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալին հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.