
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ մահը երկար տարիներու կուսակցական գործիչ եւ ղեկավար Գրիգոր Աչըգեանի, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Փետրուար 27ին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Ընկեր Աչըգեան քանի մը առիթներով եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, իր հետ
բերելով Հայ Դատի ջատագովման իր երկար տարիներու փորձառութիւնը եւ գիտութիւնը։
Ան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած էր նաեւ ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Լիբանանի
կազմակերպութիւններուն մէջ, ուր ան երիտասարդ տարիքէն կուսակցութեան շարքերուն մէջ աշխուժ գործունէութիւն
մշակած էր, իբրեւ գործիչ, մտաւորական եւ յօդուածագիր։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ