ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Լիբանանի մտաւորական ընկերներէս՝ Հաւաթեան Յակոբի մամուլով կատարած կոչին ընդառաջ՝ կ՛անդրադառնամ երկու խնդիրներու, որոնք իրենց այժմէականութեամբ, կ՚ենթադրեմ, թէ արժանի կը դառնան 34րդ Ընդհանուր ժողովի քննարկման եւ իրենց ծանրութեանց համապատասխան եզրակացութիւններու կը յանգին:
Հպանցիկ ակնարկ մը միայն Ընդհանուր ժողովի օրակարգի հարցերուն վրայ պիտի բաւէ հաստատելու, թէ չկայ որեւէ խնդիր, որ ողջ հայութեան ու հայրենիքի կեանքին առնչուած ըլլայ եւ հոն՝ օրակարգերու ցանկին մէջ ներառուած չըլլայ: Այդպէս եղած է միշտ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Դաշնակցութիւնը իբրեւ համահայկական կազմակերպութիւն ամբողջապէս կլանուած է համահայկական ծառայութեամբ, սեւեռակէտ դարձուցած է ազգին դիմաց ծառացող բազմամակարդակ խնդիրները, որով եւ անհրաժեշտ ժամանակ չէ տրամադրած՝ ինքն իրմով զբաղելու համար: Այս առումով, կ՛առանձնացնեմ երկու հարց, ըստ ինծի, կարեւոր ու անյետաձգելի:
Հայաստանի մէջ վերընձիւղուելէ ետք, վերանկախ պետականութեան հովանիին տակ գործող կուսակցութեան հանգամանքով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը բնական ընթացքով մը մխրճուեցաւ երկրի քաղաքական կեանքին մէջ, նոյնիսկ մաս կազմեց կառավարական աշխատանքներուն, առանց որ այդ ուղղութեամբ նախապէս (եւ մինչեւ այսօր) գէթ քննարկած ըլլայ իր կանոնագիրքն ու կառոյցը՝ եզրակացնելու համար, որ անոնք կը համապատասխանե՞ն թէ ոչ պետական կուսակցութիւն մը եղած ըլլալու իր նոր հանգամանքին: Հաւանական է նաեւ, թէ կանխատեսութիւնը չունեցաւ, որ քաղաքական կեանքը յղի է տարատեսակ փորձութիւններով, որոնք դրապէս կամ բացասաբար կ՛ազդեն կուսակցութեան կեանքին, յատկապէս անոր ներքին մթնոլորտին վրայ…: 1998ին էր, որ վերջին անգամ կանոնագրի վերանայումով կառուցային պատշաճեցում մը կատարուեցաւ, այն ալ յարմարուելու համար նախագահ ԼՏՊի օրէնսդրական «պարտադրանքին»…:
Անցնող աւելի քան 25 տարիներու փորձին վրայ, կը կարծեմ, որ Դաշնակցութիւնը պարտքը ունի եւ պէտքը՝ կանոնագրի ու կառոյցի վերանայման, սակայն առանց աճապարանքի: Աւելին. հայրենիքի ներկայ տագնապալի օրերու եւ ապագայի անորոշութեան մղձաւանջին մէջ, համահայկական տարողութեամբ միակ կազմակերպ ու յուսալի կուսակցութեան՝ ՀՅԴին, իրաւո՛ւնք իսկ չի տրուիր լրջագոյն խնդրի մը՝ կառոյցի համար, հապճեպ որոշում կայացնելու, որ սխալ ըլլալու պարագային կրնայ աննախատեսելի բարդութիւններ յառաջացնել՝ իր ու ազգի իրավիճակի կապակցութեամբ:
Անհրաժեշտ է, հարցին բիւրեղացման համար, գէթ տարուան մը կտրուածքով յետաձգել ու բաց պահել ծանրակշիռ այս օրակարգը եւ առիթ տալ դաշնակցական անհատներու, որ իրենց մտածումներն ու պատկերացումները ազատօրէն ու անկաշկանդ շրջագայութեան մէջ դնեն: Ամէն պարագայի սակայն, օրակարգի քննարկման ընթացքին անհրաժեշտ է գերազանց կարեւորութիւն տալ այն իրականութեան, որ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին կազմակերպական կրկնակ պատկանելիութեամբ ու տարբեր գործադաշտերու վրայ գործելու իւրայատկութեան մէջ, ՀՅԴն պարտի սեփական պետութեան օրէնքներով առաջնորդուող կուսակցութեան մը կարգավիճակը ունենալ, այլեւ միաժամանակ՝ ամրօրէն կառչած մնալ ՄԷԿ ՈՒ ՄԻԱՁՈՅԼ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ԷՈՒԹԵԱՆ:
Հիմնադրութեան օրերէն, ՀՅԴի ներքին մթնոլորտը նոյնքան կարեւոր եղած է, որքան իր գործը:
Աւելին՝ միեւնոյն դրօշին զինուորագրուած ուխտեալներու «մէկ ու մեծ ընտանիք»ի ներքին մթնոլորտն է, որ անցեալի մէջ զինք առաջնորդած է պանծալի մեծագործութեանց: Մինչ հիմա՞…:
Շատ դիպուկ էր սրտցաւ դաշնակցականի մը արտայայտութիւնը՝ «Ֆէյսպուք»ի վրայ շրջագայող Երեւանի 131ամեակի տօնակատարութեան պատկերին համար. «Այդ պատկերը խանդավառեց շերտ մը դաշնակցականներու, ուրիշները դժգոհ ձգեց, իսկ շատեր բոլորովին անտարբեր մնացին…»։ Իրականութիւն մը, որ խորթ ու անյարիր է ՀՅԴին, եւ զոր հիմնովին շրջելու համար կ՛ենթադրեմ, թէ 34րդ Ընդհանուր ժողովը իր սեղանին կ՛ունենայ՝ ըստ ամենայնի մերժելի մեր այս ներկայի ներքին իրավիճակը եւ բարեյոյս միջոցներով Դաշնակցութեան հարազատ մթնոլորտը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը կը դասէ հրատապ կարգով առաջինը՝ իր անյետաձգելի առաջնահերթութեանց մէջ: