
Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան
Վարդանանց պատերազմը հայ ազգի պատմութեան ամենաճակատագրական դարձակէտերէն մէկն է: Այս հաւատամարտը սկսաւ Յունիս 2, 451ի Աւարայրի ճակատամարտով եւ վերջ գտաւ 484 թուականին Նուարսակի դաշնագիրով, երբ հայ ժողովուրդը կրցաւ տիրանալ որոշ կրօնական եւ քաղաքական ազատութիւններու, պարսից գերիշխանութենէն:

Իրերը իրենց պատմական շիտակ յարակցութեան մէջ դնելու համար, անհրաժեշտ է հակիրճ կերպով մատնանշել, թէ Հայաստան 387ին բաժնուեցաւ՝ այդ ժամանակի երկու գերուժ տէրութիւններու՝ Պարսկաստանի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ: Երկրին ստուարագոյն բաժինը ինկաւ Պարսկաստանի գերիշխանութեան ներքեւ: Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի միջեւ կնքուած հարիւր տարուան դաշնագիրը, ի շարս այլոց, կ՛արտօնէր հայոց Արշակունեաց թագաւորութեան՝ իր բանակը պահել երկրին ինքնապաշպանութեան համար, ինչպէս նաեւ թոյլ կու տար, որ քրիստոնէութիւնը շարունակուի որպէս ազգային կրօն Հայաստանի մէջ:
Ի հեճուկս Հայաստանի քաղաքական աննպաստ պայմաններուն, կարճ ժամանակի մը մէջ հայ ազգը կրցաւ կերտել իր գրականութեան Ոսկեդարը՝ շնորհիւ մեր Սուրբ թարգմանիչներու հոգեմտաւոր տարերային շարժումին: Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը եւ բազմաթիւ այլ գիրքերու թարգմանութիւնները եւ դպրութեան մշակութային զարթօնքը որոշապէս սատար հանդիսացան Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան զօրացման, որ արդէն պետական կրօն դարձած էր 301էն ի վեր:
Պարսկաստանի ընծայած մասնակի թոյլտուութիւնը վերջ գտաւ 428ին՝ հայոց Արտաշէս Դ. թագաւորին մահովը: Այդ թուականէն 10 տարի ետք, 438ին երբ պարսից Սասանեան կայսրութեան գահուն վրայ բարձրացաւ Յազկերտ Բ. շահը՝ Հայաստանի քաղաքական եւ կրօնական իրավիճակը բոլորովին փոխուեցաւ: Որպէս զրադաշտական, Յազկերտ հրահանգ արձակեց, որ իր գերիշխանութեան ներքեւ գտնուող հայեր հրաժարէին իրենց քրիստոնէական կրօնէն եւ ընդունէին պարսից զրադաշտական կրօնը:
Հարիւր տարի քրիստոնէական կրօնի աւիւնով սնանած եւ կէս դարու գիրով ու գրականութեամբ ուռճացած հայութեան համար անհնար էր ատիկա ընել: Քրիստոնէութիւնը արդէն սկսած էր զօրաւոր արմատներ նետել հայութեան սրտին մէջ:
Հայ ժողովուրդի վճռակամ պատասխանը եղաւ հետեւեալը. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ. ոչ հրեշտակները, ոչ մարդիկ, ոչ սուր եւ ոչ հուր, ոչ ջուր եւ ոչ ալ որեւէ դառն հարուածներ»:
Այս հաստատակամ «ոչ»ին արդիւնքը եղաւ Յազկերտ Բ.ի սպառնալիքն ու ռազմարշաւը Հայաստանի վրայ եւ հայոց արիական մաքառումը, որ պսակուեցաւ Վարդանանց հաւատամարտով: Պարսիկները Մուշկան Նիւսալաւուտ զօրավարին հրամանատարութեամբ աւելի քան 300,000 բանակով, որուն մաս կը կազմէին փիղեր՝ յառաջացան դէպի Հայաստան: Հայոց 66,000 զինուորները, գլխաւորութեամբ Վարդան Մամիկոնեանի, յառաջ ընթացան դէպի Մակու լերան քովի Արտազու դաշտը, Աւարայրի գիւղի մօտ, ճակատելու թշնամին դէմ: Ճակատամարտը տեւեց միայն մէկ օր եւ աւարտեցաւ հայոց բանակի պարտութեամբ: Հայերը զոհ տուին 1036 մարտիկներ՝ ներառեալ իրենց զօրավար Վարդան Մամիկոնեանը: Հայոց բանակը ցրուեցաւ եւ ապա հայդուկային կռիւները շարունակուեցան:
Աւարայրի ճակատամարտին յաջորդ տարիներուն, Յազկերտի Դեն-Շապուհ հազարապետը բաւական զուլումներու ենթարկեց հայ ժողովուրդը: Անոր կը վերագրուի Ղեւոնդեանց նահատակութիւնը, երբ արիասիրտ Ղեւոնդ Երեց եւ այլ եկեղեցականներ անգութօրէն սպաննուեցան թշնամին կողմէ:
Բաց աստի, հայ նախարարներ գերի տարուեցան Պարսկաստան եւ հոն մնացին 13 տարիներ, մինչեւ Յազկերտ Բ. ի յաջորդը Պերոզ շահը ազատ արձակեց զանոնք: 464ին, երբ Աւարայրի վերապրող հերոսները աքսորէն վերադարձան, Հայաստանի մէջ գտան ազգային ոգիով տոգորուած նոր սերունդ մը, որ վճռած էր Վարդան Մամիկոնեանի վսեմ առաքելութիւնը շարունակել: Ասոնց մէջ գտնուող ականաւոր դէմքերէն ոմանք Վարդան Մամիկոնեանի եղբօր՝ Հմայակի զաւակներն էին՝ Վահան, Վասակ եւ Արտաշէս Մամիկոնեանները:
Աւարայրը վերջակէտ չեղաւ Վարդանանց պատերազմին: Յատկապէս, Վահան Մամիկոնեան շարունակեց պայքարը: Ան իր փոքր բանակով պաշարեց Արարատի լանջերուն վրայ գտնուող Ակոռի գիւղը եւ ջախջախեց հոն հաստատուած պարսիկ բանակի մէկ ջոկատը: Այնուհետեւ, երեք այլ ճակատներու վրայ Վահան փառաւոր յաղթանակներ շահեցաւ եւ իր անունն ու համբաւը տարածուեցաւ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Պարսկաստանի մէջ:
Պերոզի յաջորդ Վաղարշ շահը իմաստութիւնն ու հեռատեսութիւնը ունեցաւ եզրակացնելու, թէ անհնար էր հայերը զրադաշտական դարձնել եւ բռնի ուժով լուծել Հայկական Հարցը: Արդ, 484ին Հեր եւ Զարեւանդ գաւառի Նուարսակ գիւղին մէջ դաշինք մը կնքեց հայոց հետ հետեւեալ պայմաններով.
ա. Կրօնական ազատութիւն շնորհել հայ ժողովուրդին. բ. Արգիլել մեհեաններու շինութիւնը Հայաստանի մէջ. գ. Իրենց կրօնը ուրացողներուն պաշտօն չտալ. դ. Առանց օրինաւոր դատաստանի՝ ոչ ոք պատժել:
Այսպէս, Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր ուխտապահ հետեւորդներուն՝ Վարդանանց նահատակներուն, անաւարտ առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակուեցաւ Վահան Մամիկոնեանի եւ իր ազնուական զինակիցներուն հերոսական ջանքերով:
Բայց ի՞նչ էր մղիչ ուժը Վարդանանց հաւատամարտին: Հետեւեալ կարեւոր յատկանիշներու մէջ կարելի է ամփոփել Վարդանանց հաւատամարտին մղիչ ուժը.
Առաջին. Քրիստոնէական հաւատք: Վարդան եւ իր ուխտապահ զինակիցները Քրիստոսի նուիրուած մարդիկ էին: Անոնք ճշմարիտ քրիստոնեաներ էին: Վարդան արժանաւոր շառաւիղն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի: Ան խոր հաւատքի տէր մարդ մըն էր: Իր սրտառուչ ճարը Արտազի դաշտին վրայ, Աւարայրի ճակատամարտէն առաջ, ապացոյց է իր քրիստոնէական անյողդողդ հաւատքին: Հայոց քաջ զօրավարը կը յայտարարէր. «Երբեք չվախնանք հեթանոսներու բազմութենէն, որպէսզի ճշմարտութեան կողմը վեր բարձրանայ. արդ, եթէ մահկանացու հրամանատարին համար այդ քաջութիւնները կը գործէինք, որքան աւելի եւս պէտք է ընենք Անմահ թագաւորին համար»: Նոյնքան յուզիչ է Վարդանանց յայտարարութիւնը Յազկերտի. «Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ խախտել մեզ, որովհետեւ մեր հաւատքի ուխտը մարդու հետ չէ, այլ բուն իսկ Աստուծոյ հետ, որմէ կարելի չէ հեռանալ ոչ հիմա, ոչ ետքը եւ ոչ ալ յաւիտեան»:
Երկրորդ. Ազատութեան սէրը: Վարդանանց հերոսական սխրագործութեան ուրիշ մէկ մղիչ ուժն էր ազատ ապրելու, ազատ պաշտելու եւ ազատ գործելու վճռակամութիւնը: Խղճի, կրօնքի, խօսքի ազատութիւնը յատկանիշը դարձաւ Վարդանանց մարտիկներուն: Վարդան եւ իր սերնդակիցները կ՛ուզէին ազատ ըլլալ՝ իրենց ազատ հայրենիքին մէջ եւ ազատօրէն պաշտել իրենց Աստուածը: Հայոց պատմութեան մէջ Վարդանանց դիւցազնամարտը իրմէ առաջ եւ իրմէ ետք մղուած բոլոր պատերազմներուն խտացումն է, հայ ազատատենչ հոգիին արտացոլացումը: Ինչպէս հայ ազգի Հայկ նահապետը չհանդուրժեց բռնակալ Բելին, այնպէս ալ Վարդան, որպէս «այր քաջասիրտ եւ ազատատենչ» չհանդուրժեց պարսից կողմէ հայոց անբռնաբարելի իրաւունքներու կաշկանդումին:
Երրորդ. Զոհողութեան ոգին: Աւարայրի ճակատամարտէն մինչեւ Նուարսակի դաշնագրին ստորագրումը, 451էն 484 տարածուող այդ 33 տարիներու ժամանակաշրջանը, կը յատկանշուի զոհողութեան ու նուիրումի բազմաթիւ դրուագներով, որոնք անքակտելիօրէն կապուած են Վարդանանց հաւատամարտին հետ: Այդ սքանչելի զոհաբերութեան օրինակներէն ո՞ր մէկը յիշենք եւ չհիանանք: Ուխտապահ նախարարներ շղթայակապ Տիզբոնի բանտերուն մէջ տուայտեցան իրենց տուներուն եւ հայրենիքին կարօտովը, բայց հաւատարիմ մնացին Վարդանանց ուխտին: «Տիկնայք փափկասունք Հայոց Աշխարհին» մէկդի նետեցին իրենց պերճանքն ու հանգիստը եւ նեցուկ կեցան հայ բանակին: Հայ տղամարդիկ խիզախօրէն հաւատարիմ մնացին իրենց նուիրական Դատին եւ յանձնառու եղան ամէն տեսակ զոհողութեանց: Իսկ հայ եկեղեցականները, որոնք աքսորուած էին Պարսկաստանի անապատներուն մէջ՝ թշնամիին յորդորներուն եւ սպառնալիքներուն դէմ անդրդուելի մնացին իրենց կեանքի գնովը:
Ի տես այս տեսակ անյողդողդ հաւատքի, նուիրումի, զոհաբերութեան եւ հոգեկան անպարտելի ուժին, պարսիկ մոգպետն անգամ ճարահատ կը յայտարարէր. «Եթէ աստուածներն իսկ օգնութեան հասնին մեզի, անկարելի է, որ զրադաշտական կրօնը Հայաստանի մէջ հաստատուի, քանի որ ո՞վ կրնայ դիմադրել ժողովուրդի մը որ շղթաներէն չի վախնար, տանջանքները կ՛արհամարհէ եւ մահը կեանքին կը գերադասէ»:
Յիրաւի, «շղթաներէն չվախեցող, տանջանքները արհամարհող եւ մահը կեանքին գերադասող» ժողովուրդն էր, որ վերջ ի վերջոյ ծունկի պիտի բերէր գոռոզ Յազկերտները, Պերոզներն ու Վաղարշները եւ ստորագրել պիտի տար Նուարսակի դաշնագիրը:
Վերջացնելով հաստատենք այն ճշմարտութիւնը, թէ Աւարայրէն մինչեւ Նուարսակ՝ Վարդանանց սերունդը այնպիսի ոգի մը ցուցաբերեց, որ քիչ անգամ կը տեսնուի ազգերու կեանքին մէջ: Այսօր, եւ միշտ, ա՛յդ ոգին դառնալու է մեզի ներշնչման աղբիւր եւ մարտահրաւէր:
This Wonderful research about 1st Christian war for Faith, explains
how our ancestors resisted all kind of calamity, war or Genocide.
REACHING ACTUAL ENGINEERED DECAY IN 101 YEARS, where LYING,
cheating, looting, treachery IS COMMON TO STAY ON POWER POSTS:
SELLING EVERYTHING, INCLUDING FATHERLAND. Vartan, Vahan
Mamigonians, AS SHINING BRIGHT STARS, are REMEMBERED SINCE
1700 YEARS & FOREVER. But looking Down from Heaven they SEE
TODAY: “UGLY WORMS, LEACH, MEDUSA LEADERSHIP”, DRAINING ALL
KIND LIVING POSSIBILITY FROM POOR PEOPLE FORCING TO MIGRATE:
1,500,000 IN 31 YEARS. ALL LEADERS ARE SO LOW MORALLY, THAT
EVEN *SHABOUH. BEROZ, HAZGERT KINGS* COULD NOT DREAM.
PAST,PRESENT LOW ELITE WITH SUPPORTING ACCESSORIES WILL
BE REMOVED & REPLACED BY FREE PATRIOTS, WITHOUT “UNDER
ORDER”, IF NATIONALS SEE FINALLY LOSS OF THEIR LAND, POSSESSION
& LIFE IN DANGER; ONCE WAKED UP, PARASITIC, “TALKING MAGPIES”
WILL PAY ANY PRICE TO HIDE: EVEN FOR RAT HALL. THEIR UNPUNISHED
CRIMES WILL BE PAID VERY HEAVILY, TALAAT, ENVER (+) ALL PAYED FOR
THEIR CRIMES, SO OUR CRIMINALS !!!!!.