
Հայ Գաղթականները Դավրէժի Մէջ
Դավրէժի (Թաւրիզ) մէջ խռնուած են մօտաւորապէս հինգ հազար հայ գաղթականներ, ենթակայ աներեւակայելի թշուառութեան: Երեք տարիէ ի վեր է, որ Դավրէժը դարձած է գաղթականներու կեդրոն:
Սալմաստի եւ Ուրմիոյ շրջանի գաղթականները փակուեր են Դավրէժ, իրենց բնակավայրը գրաւման տակ ըլլալով: Կան փոքր թիւով գաղթականներ՝ Երեւանի վերջին դէպքերէն ետք ապաստանած: Խումբերով Դավրէժ կը հասնին Պասրայէն ալ գաղթականներ, որոնք 1918ին նահանջեր էին: Դավրէժի Հայոց առաջնորդարանը մատնուած է շատ դժուարին կացութեան մը, որովհետեւ իր բոլոր միջոցները սպառած են: Դավրէժի փոքրաթիւ հայութիւնը ինքն ալ, իր կարգին, աղքատացեր է: Թեհրանի գաղթային մարմինը թէեւ կը շարունակէ իր օգնութիւնը, բայց անարժէք է շարունակական եւ բազմապահանջ կարօտութեանց առջեւ: Փարիզէն Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը օգնութիւններ ըրած է: Գլխաւոր չարիքը հոն է որ երկիրը չի կրնար գործ հայթայթել եւ նոյնիսկ տեղացի երիտասարդութիւնն անգործ է: Ներսէս եպս. Մելիքթանգեան, որ գլխաւոր զօրավիգն է հայ գաղթականներուն օգնելու գործին, մեծ յոյս ունի արտասահմանի օգնութեան վրայ:
Հայաստանէն Դավրէժ առեւտրական յարաբերութիւններ սկսած են: Դավրէժ կը գտնուի «Հայկոոպ»ի (Հայաստանի սպառողական ընկերութիւններու միութիւն) ներկայացուցիչը, որ հարիւրին 15 գանձելով կը թոյլատրէ ապրանքներու մուտքը Հայաստան: Գլխաւորաբար կ՛արտածուի ցորեն եւ չամիչ: Վերջերս հոն գացած է կովկասեան առեւտրական ներկայացուցչութիւն մը, որ կը բաղկանայ միայն ռուսերէ եւ շաքարի ու քարիւղի հետ կը փոխանակէ ցորեն եւ ուրիշ մթերքներ:
Դավրէժի կառավարութիւնը բարեացակամ է գաղթականներուն եւ հայերուն հանդէպ՝ ընդհանրապէս:
Դավրէժէն Հայաստան երթալ բաւական դժուար է, որովհետեւ Նախիջեւանի առջեւ կեցած են վայրագ թաթարները, որոնք պզտիկ պատրուակով վար կ՛առնեն հայ ճամբորդները:
Փետրուար 21, 1922, թիւ 829