
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց ամերիկացի հռչակաւոր դերասան Մորկըն Ֆրիմընը, որ թրքական Turkish Airline օդանաւային ընկերութեան մէկ ծանուցումին մասնակցած է։
Ֆիրմըն Twitter-ի վրայ գրած է. «Turkish Airlines-ի հետ համագործակցութիւնը հիանալի էր։ Օդանաւային ոչ մէկ ընկերութիւն Turkish Airlines-էն աւելի երկիրներ իրարու չի կապեր»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ ամերիկացի այլ հռչակաւոր դերասան մը՝ Ճորճ Քլունի, ժամանակին մերժած էր թրքական օդանաւային ընկերութեան 35 միլիոն տոլարի առաջարկը։
«Turkish Airlines-ը իր ահաբեկիչ վարձկաններուն կը տանի աշխարհի տարբեր վայրեր գտնուող հակամարտութիւններու գօտիներ, ուր անոնք կը կռուին Էրտողանի հրահրած պատերազմներուն մէջ, կրակի վրայ իւղ կը լեցնեն եւ կը խորհրդանշեն անմեղ քաղաքացիներու աներեւակայելի տառապանքն ու մահը», կը նշէ Հայ Դատը։